Հայաստանի Տնտեսական Աճը Երրորդ Եռամսեակին Կազմած է 2.7%

Հայաստան

Հայաստանի տնտեսական աճը 2018-ի երրորդ եռամսեակին՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ՝ կազմած է 2.7 տոկոս, իսկ նախորդ եռամսեակին համեմատ 29.5 տոկոս։

ՀՀ վիճակագրական կոմիտէի հրապարակած տուեալներով՝ 2018-ի երրորդ եռամսեակի ՀՆԱ-ն կազմած է 1 եռիլիոն 676 միլիառ 535.3 միլիոն դրամ։ ՀՆԱ աճին նպաստած են տնտեսութեան առեւտուր եւ ծառայութիւններ ու արդիւնաբերութիւն ճիւղերը, համապատասխանաբար՝ 4.3 եւ 0.5 տոկոսային կէտերով։ ՀՆԱ-ի աճին բացասաբար ազդած է գիւղատնտեսութիւնը՝ -2.6 տոկոսային կէտով, իսկ շինարարութիւնը տնտեսական աճի վրայ ազդեցութիւն չէ ունեցած։

2018 թուականի երրորդ եռամսեակին ՀՆԱ կառուցուածքին մէջ գիւղատնտեսութեան բաժին հասած է 19.1% կամ 320,1 միլիառ դրամ, արդիւնաբերութեան՝ ներառեալ ուժանիւթին 15.7% կամ 264.8 միլիառ դրամ, շինարարութեան՝ 7.1 % կամ 119 միլիառ եւ առեւտուր ու ծառայութիւններ՝ 50.3 % կամ 842.3 միլիառ դրամ։

2018-ի երրորդ եռամսեակին՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ՝ մշակող արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ արձանագրուած է 13.7 տոկոս աճ, մեծածախ եւ մանրածախ առեւտուրի ճիւղին մէջ՝ 9 տոկոս աճ, ելեւմտական եւ ապահովագրական գործունէութեան ոլորտին մէջ՝ 20.2 տոկոս: Հանքագործական արդիւնաբերութիւն եւ բացհանքերու շահագործում ոլորտին մէջ անկումը՝ նախորդ եռամսեակին նկատմամբ՝ կազմած է 6.4 տոկոս, իսկ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին նկատմամբ՝ 30.5 տոկոս։ Անշարժ գոյքի հետ կապուած գործունէութիւնը նուազած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին նկատմամբ 0.8 տոկոսով։ Գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ նկատուած է անկում նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին նկատմամբ՝ 10.8 տոկոս, նախորդ եռամսեակին նկատմամբ ճիւղը աճած է 155.4 տոկոսով։

2018-ի առաջին եւ երկրորդ եռամսայկներու տնտեսական աճը՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածներուն համեմատ՝ կազմած է համապատասխանաբար 9.7 տոկոս եւ 7.5 տոկոս։