ԱՀ Քաղաքաշինութեան Ոլորտին Մէջ Գլխաւոր Ներդրումները կը Կազմեն Աւելի Քան 18 Միլիառ Դրամ՝ Արձանագրելով Աննախադէպ Ցուցանիշ

Հայաստան

Վերջերս Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը հաւանութիւն տուած է քաղաքաշինութեան նախարարութեան գլխաւոր ներդրումներու պետական պատուէրը 3 միլիառ 300 միլիոն դրամով աւելցնելուն առնչուող օրէնքի նախագիծին: Այդ գումարներու հաշուին հնարաւոր պիտի ըլլայ աւարտել կիսատ մնացած շարք մը կարեւոր ծրագիրներ։

Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, տեղեկացուցած են ԱՀ քաղաքաշինութեան նախարարութենէն՝ մանրամասնելով, որ ընթացիկ տարուան սկիզբը Արցախի կառավարութեան որոշումով հաստատուած գլխաւոր ներդրումներու պետական պատուէրը կը կազմէր 14 միլիառ 200 միլիոն դրամ: Տարուան ընթացքին ծրագիրը երկու անգամ ենթարկուած է փոփոխութեան` աւելնալով նախ 500, ապա եւս 350 միլիոն դրամի չափով։ Եթէ գումարենք նաեւ վերոնշեալ 3 միլնառ 300 միլիոն դրամը, ուստի 2018-ի գլխաւոր ներդրումները կը կազմեն 18 միլիառ 350 միլիոն դրամ: Ասիկա աննախադէպ թիւ է. սկսեալ 2008-էն՝ նման չափով գլխաւոր ներդրումներու ծրագիր չէ նախատեսուած։ Այդ յատկացումներով պիտի լուծուին հանրապետութեան մէջ առկայ հրատապ բազմաթիւ խնդիրներ:

Ըստ աղբիւրին՝ 3 միլիառ 300 միլիոն դրամ գումարը պիտի ուղղուի տարուան ընթացքին տարաժամկէտ վճարման պայմանով բնական աղէտներու հետեւանքով հասցուած վնասներու վերացման եւ շինարարութեան ոլորտին մէջ կատարուող այլ աշխատանքներու դիմաց վճարումներուն: Գումարին մեծ մասը` 2 միլիառ 140 միլիոն դրամ, բաժին կը հասնի  ճանապարհներու կառուցման, վերանորոգման, Ստեփանակերտի փողոցներու բարեկարգման եւ առաջնագիծի վրայ կատարուած ճարտարագիտական աշխատանքներու ֆինանսաւորման։

Շուրջ 160 միլիոն դրամ գումար պիտի ուղղուի բնակավայրերու ջրամատակարարման աշխատանքներու ֆինանսաւորման: Քանի մը բնակավայրերու մէջ արդէն կ՝ընթանան ջրային ցանցի կառուցման աշխատանքները: Անոնց մէջ են Մարտունիի շրջանի Վարանդա, Հերհեր, Ծովատեղ գիւղերը: Բոլորովին վերջերս Ֆրանսայի հայրենակիցներու համաֆինանսաւորումով սկսած է նոր ծրագիր, որուն ծիրէն ներս՝ Ասկերանի շրջանի Դաշուշէն, Քռասնի եւ Այգեստան գիւղերուն մէջ կ՝ընթանան ջրային ցանցի կառուցման աշխատանքներ:

150 միլիոն դրամ պիտի ուղղուի բնակարանաշինութեան ոլորտին: Առաջնահերթութիւնները պիտի տրուին հասարակական խոցելի խաւերուն` բարելաւելով անոնց բնակարանային պայմանները: Այս տարի, ուժեղ քամիի հետեւանքով, մեծ վնաս հասած է ինչպէս Ստեփանակերտի, այնպէս ալ այլ բնակավայրերու շէնք-շինութիւններուն, վնասուած են յատկապէս տանիքները։ Աղէտի հետեւանքով հասցուած վնասը գրեթէ վերացուած է: Անոր համար օգտագործուած են պահուստային միջոցներ, ինչպէս նաեւ կապալառու կազմակերպութիւններու միջոցները: 92 միլիոն դրամ պիտի տրամադրուի այդ աշխատանքներուն դիմաց գոյացած պարտաւորութիւններու մարման։ 100 միլիոն դրամ պիտի ուղղուի հանրապետութեան մէջ բաւական պահանջուած շինանիւթերու տրամադրման ծրագիրին: Այս տարի, առաջին անգամ, ճանապարհային սպասարկման գործին մէջ պիտի ներգրաւուին շրջվարչակազմերը: Վերոնշեալ գումարէն 260 միլիոն դրամ պիտի տրուի շրջաններուն` ճանապարհներու բարեկարգման, սպասարկման, կոյոիներու մաքրութեան, կանաչապատման, ջրամատակարարման աշխատանքներ իրականցնելու նպատակով: