Հայը` Մեզի Ծանօթն Ու Անծանօթը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Գէորգ Պետիկեան

Ամէնէն ետք սեղան բերուեցաւ օրուան հաւաքը իմաստաւորողը` եօթը փոքր, գունաւոր եւ վառուած մոմերով զարդարուած տարեդարձի կարկանդակը: Ապա օրուան «մեծարեալ»-ին` Հայկին, որուն համար այս երեկոյ ընտանեօք ուրախ եւ աղմկոտ սեղանին մը շուրջ հաւաքուած էինք, թելադրուեցաւ պապիկին` մօտս գալ, որպէսզի գիրկս նստի ու թոռնիկ ու պապիկ թէ՛ մոմերը մարէինք եւ թէ՛ միասին ալ նկարուէինք:

Հայկ հնազանդեցաւ: Արագ մը եւ մեծ ժպիտով եկաւ ու գիրկս տեղաւորուեցաւ: Ինք` ի՜նչ ուրախութիւն: Ես ալ` ի՜նչ հպարտութիւն: Եւ ահա երկուքով մեր վիզերը առաջ երկարեցինք դէպի այդ «օրհնեալ» կարկանդակը, որպէսզի մոմերը միասին փչելով` մարէինք: Ու հարազատներուն խառնիճաղանճ ու անկանոն «մէկ-երկու» համրանքին ու տարեդարձի յատուկ բարձրաձայն ու աղմկոտ երգին հետ սկսանք փչել: Ե՞ս, փչե՞լ… Ի՜նչ փչել: Վրաս գրէ՛: Բերնովս փչոցի ձայներ հանեցի, իսկ իր կողմէ քանի մը ձախող փչոցներէ ետք, վերջապէս մոմերը մարեցան: Եւ ահա դարձեալ` պոռչտուք, ծափեր, ապրիսներ: Սենեակին մէջ կրկին անգամ ամէն պահ խրախճանք դարձաւ: Մթնոլորտը իսկապէս լեցուն էր նոր կեանքով: Ապա գրպանէս նուէր պահարանս կամաց մը հանելով` Հայկին յանձնեցի եւ բարձրաձայն ըսի.

– Հա՛յկ, աղուո՛ր տղաս, «ինշալլահ» մեծնա՛ս եւ բարի հայ մանչուկ մը դառնա՛ս…

Մեծ հօր յատուկ բարի մաղթանք մըն էր կատարածս: Անմեղ եւ հարազատ, բայց կիսատ մնաց: Հայկը իր անունը լսելով` շուտով ինծի դարձած էր եւ արագ մը «յափշտակած»` պահարանս ու զարմանքով «ուաթ», ի՞նչ մը ըսելով:

Անդրադարձայ: Յայտնի էր, որ խեղճը իմ խօսքերէս բան մըն ալ չէր հասկցած: Յստակ էր նաեւ, որ տակաւին հայերէնը այդ պահուն բացակայ եւ հեռու էր իր լեզուէն ու ականջներէն: Ուստի փորձեցի այս անգամ մաղթանքս անգլերէնով ըսել:

– «Եո՛ւ, արմենիէն պո՛յ, այ հո՛փ», դո՛ւն, հայ տղեկ, յուսամ…

Այսքան: Մեղայ: Խօսքս «բերանս» ձգեց: Հազիւ այսքանը ըսած էի, ի՞նչ տեսնեմ, մեր տղան արագ մը գիրկէս վար «թռաւ», վերէն վար զիս չափեց, տուած պահարանս ինծի նետեց, դէմքը ճմռթկեց ու յուզմունքով լեցուած աչքերով մօրը գիրկը վազեց` լալագին պոռալով.

– Այ ամ նաթ արմենիէն, այ ամ Հայկ, ես արմենինիէն չեմ, ես Հայկ եմ…

Ամէն ինչ բացայայտուեցաւ: Մեր հերոսը չէր հասկցած մաղթանքին բուն իմաստը: Թերեւս ալ իրաւունք ունէր: Իր մօտ «արմենիէն»-ի եւ Հայկի միջեւ յստակ շփոթ մը ըլլալու էր: Թերեւս ալ  իրեն համար ամօթ մըն էր «արմենիէն» կոչուիլը: Ինք իր անունը շատ կը սիրէր: Ինք իր Հայկ ըլլալը միայն գիտէր: Իր հարազատ անունն էր: Հակառակ անոր որ Արարատ, եռագոյն դրօշ շատ անգամ միասին գծած, ներկած ու խօսած էինք եւ հակառակ անոր որ ամէն անգամ Երեւանէն, հայկականութիւն կամ Հայաստան բնորոշող գլխարկ-շապիկ եւ հայկական  զանազան յուշանուէրներ իրեն համար բերած էինք, սակայն այնպէս կ՛երեւէր, որ ըսած բառերուս մասին այս տղուն մտքին մէջ սխալ տպաւորութիւն մը բոյն շինած էր: Երեւոյթ մը, որուն երբեք չէինք անդրադարձած: Ինչպէ՞ս ընդունիլ կեանքի այս ճշմարտութիւնը: Մեղաւոր էի: Նոյնիսկ ինծի հետ այս մեղքին մեղսակից էին նաեւ իր ծնողները, դպրոցը, ընկերները, քաղաքը, մթնոլորտը: Բայց հիմա ատոր ատենը չէր:

Անմիջապէս տան մթնոլորտը փոխուեցաւ: Ահա քեզի` «բարի տարեդարձ»: Ես էի զայն այրողն ու մոխրացնողը: Վայրկեանին բոլորին աչքերը վրաս կեդրոնացան: Տնեցիք կարծես խօսքերնին մէկ ըրած` յանցաւորը կը փնտռէին: Եւ գտած էին: Զիս: Ու անկէ ետք, մինչեւ մեր պզտիկ պարոնին համոզուիլը, հանդարտիլը, տարեդարձի սեղանին «համը» փախած էր արդէն:

***

Իսկ հիմա, արդէն ամիսներ անցած են ինծի համար այդ ապշեցուցիչ դէպքէն: Ու ամէն անգամ երբ յիշեմ, մտքիս մէջ կը գծագրուի կորսուածի մը կանչը: Այդ ի՜նչ վիճակ էր: Աստուա՜ծ իմ: Ի՜նչ իրականութիւն: Վայրկեանին կը զգամ, որ դարձեալ հայու հոգիս պայքարի մէջ մտած է: Ամէն ինչ գլխուս մէջ խառնակ է: Խոր ցնցում մը ներսս է արդէն: Ո՞ւր մնացին բաղձանքներս, երազներս եւ յոյզերս: Դարձեալ ես ինծի հարց կու տամ անմեղօրէն: Ամէն բան խառնուած է: Գլուխս քանի մը անգամ աջ-ձախ կը շարժեմ: Ես զիս կ՛ուզեմ համոզել:

– Վա՜յ, խե՛ղճ Հայկս… վա՜յ…- կ՛ըսեմ ու կը կրկնեմ մտովի: Ցաւը կարծես մէջս լալու սկսած է,  որովհետեւ ինքնածին տառապանք մը սկսած է կրծել բոլոր մտածումներս, ու այս շուարած վիճակիս մէջ ես զիս կը հարցուփորձեմ:

– Ի՞նչ էր այս պատահածը: Ո՞վ էր սա «արմենիէնը» եւ ո՞վ` սա Հայկը: Ո՞վ ենք մենք: Ո՞վ է հայը: Ո՞ւրկէ կու գանք եւ այս օրերուն, ո՞ւր կ՛երթանք: Անկասկած, որ դուրսը, սփիւռքներու տարածքին, Հայկին նման հազարաւոր երեխաներ կան հայ տուներու, դպրոցներու, կեդրոններու մէջ: Մենք մեզ չխաբենք: Հայկս բացառութիւն մը չէր եւ չէ: Բնա՛ւ:

Բայց… այս մէկը արդարացում մըն ալ չէ:

Մէյ մը աշխարհի քարտէսը զննեցէ՛ք: Այս օրերուն ո՞ւր հայ չէք տեսներ: Հայուն ամբողջ աշխարհը ծանօթ է, վկա՛յ Ազնաւուրն ու իր յուղարկաւորութեան պետական արարողութիւնը:

Հայը ո՞ւր չէ որ: Կամայ թէ ակամայ, ան ուր որ ալ երթայ, հոն իր տունը կը շինէ: Հո՛ս երկրորդ հայրենիքս է կ՛ըսէ ու բնակարան, եկեղեցի, ակումբ, կեդրոն, մամուլ, դպրոց կը հիմնէ: Գաղութ կը կազմէ: Այս բոլորը, որպէսզի ինքզինք եւ իրեն յաջորդող սերունդը ապահով պահէ: Ու իր ուրախ եւ տխուր պահերուն միշտ իր հայրենիքը կը յիշէ, անոր կենացը կը խմէ: Կը յուզուի: Կ՛երգէ: Կը պարէ… Այսպէս իր պապենական հողէն հեռու, կը փորձէ… ինքզինք իր գիտցած ձեւով հայ պահել: Իսկ յետոյ, տարիներ ետք, դարձեալ զանազան պայմաններու բերումով, կը ծրագրէ մեկնիլ, հեռանալ իր «բոյնէն» եւ կ՛որոշէ տեղաւորուիլ նոր եւ բոլորովին այլ օտար երկինքի մը տակ` առանց մտածելու, որ պէտք է մեկնի ու հաստատուի այն հողին վրայ, որուն հայրենիք անունը կու տանք: Մէկ խօսքով` Հայաստան:

Ու այսպէս, հայուն համար ժամանակի սլաքները կը դառնան աղմուկով եւ նոյնքան ալ անաղմուկ: Եւ տակաւին պիտի շարունակուին դառնալ: Ուզենք կամ չուզենք: Ամէն տեղ կը փորձենք «նաւարկել» աշխարհի բազմազան հոսանքներու դէմ յանուն հայապահպանման:

Սփիւռքը ցուրտ է` կ՛ըսեմ: Խաբուսիկ է: Ահա՛ քեզի` մեր սփիւռքը: Ահա՛ հայ կեանք: Ահա նաեւ` ճակատագիր եւ հայոց պատմութիւն:

Արդեօ՞ք այս բոլորէն ետք մենք գիտենք, թէ մենք ո՛վ ենք: Դարձած ենք ցիր ու ցան: Կարծես վարժուած ենք այսպէս ապրելու: Ամէն տեղ ուրիշը ընդօրինակած ենք: Կարծես մեր մտքի բանալին կորսնցուցած կ՛ապրինք յաճախ: Հետզհետէ սկսած ենք մաշիլ: Սա մենք ենք եւ մենք չենք: Իբրեւ անբնական կացութեան հետեւանք` սփիւռքեան ճակատագրին մէջ ինկած ենք: Միշտ ըսած ու կրկնած եմ, որ փոխուած են ժամանակները, փոխուած են պայմանները, բայց ազգովին չենք անդրադառնար, որ ամէնէն առաջ մենք փոխուած ենք: Կիսամիջոցներով կը գոհանանք: Յաճախ եւ, ինչո՞ւ չէ, ընդհանրապէս:

Մռայլ եւ ամեհի դար մըն է, որ կ՛ապրինք: Հետաքրքրական եւ նոյնքան ալ` սարսափազդու: Ամէն առիթով բեմերէն եւ մեր մամուլի սիւնակներէն ահազանգ կը հնչեցնենք: Զաւակները կորսնցուցած մօր մը նման` յաճախ կը պոռանք, որ եթէ զգացումը չկայ, ուրեմն ոչինչ կայ:

Չի բաւեր միայն յիշել, որ հայրենի հող ունինք: Պայման է, որ ըմբռնենք եւ միաժամանակ գործադրենք, որ հայ զանգուածները կապելու բանալին մայրենի լեզուի պահպանումն է` հայու հոգիի կշռոյթին հետ միատեղ:

Այս բոլորը նորութիւններ չեն: Բոլորս ալ լաւատեղեակ ենք: Բայց ո՞վ է լսողը: Ո՞վ է գործադրողը: Անոր համար մտահոգ ալ ենք: Մեզմէ շատեր հաւանաբար իրենց քունն ալ կորսնցուցած են: Որքան խորունկ, այնքան շօշափելի կերպով կը զգանք ամէն բան: Գիտենք, որ հայը չունի Արեւելքի միւս ժողովուրդներուն նման ազգային եւ կրօնական մոլեռանդութիւն: Ուրեմն…

Երկար տարիներ լաւատես եղած եմ ու այդպիսին ալ կը մնամ: Գիտեմ, որ բացառիկները կ՛ուրախացնեն ազգը: Բայց ինչպէ՞ս ընել, ինչպէ՞ս հոսանքին առաջքը առնել:

Շատեր շատ «բաներ» ամէն օր կը թելադրեն: Տեսակաւոր ու դրական դեղատոմսեր կ՛առաջարկեն… Մտահոգ միտքերը միշտ կը կրկնեն, որ պայման է շարժման մէջ դնել մեր բոլոր հնարքները: Դուրս հանել մեր մէջ բոյն դրած օտարամոլութիւնը: Վերագնահատութեան ենթարկել մեր կեանքը: Հաղորդուիլ ժառանգուած անցեալին: Նոր սերունդին ներքին աչքն ու ականջը բանալ: Բացատրել, որ աշխարհի վրայ ոչ ոք ունի կամ ունեցած է հայու հոգիին բարձրութիւնը, անոր մշակումը, զարդարումը: Շեշտել, որ հայուն երգը շարական եղած է: Զուսպ ու ոգեկան, եւ իր ձայնը` միշտ երկինք բարձրացուցած: Դարերով դիմացած է ճակատագրի ամէն տեսակի թունաւոր եւ ահարկու փոթորիկներուն: Ամէն անակնկալի ներքին ձայն մը զինք կեանքի կանչած է: Իր երգերը նուիրած է իր կեանքին, իր հողին, իր բանակին, իր բերքին, իր արեւուն, իր Արարատին, իր փողոցին եւ իր վարդագոյն մայրաքաղաքին: Ստեղծագործ իր միտքն է, որ զինք պահած է արթուն եւ զգօն: Յայտնի եւ անանուն ցաւեր շալկած, հոգեկան տառապանք հագած` միշտ ստեղծուած մթնոլորտին մէջ փոխանցած է սէր, գուրգուրանք յարգանք` հանդէպ ազգային իր արժէքներուն:

Իսկ հիմա… Հայկս եւ իր նմանները պարզապէս անմեղ զոհերն են ժամանակին, մեր իսկ անհոգութեան, ինքնախաբէութեան եւ անշուշտ` շրջապատի պայմաններուն:

Բայց կը հաւատամ, որ մեր ինքնաճանաչումով,  մեր ինքնաքննադատութեամբ եւ ազգային մեր գիտակցութեամբ, իւրաքանչիւրս` մեր տուներէն սկսած, մեր մայրենի լեզուի ու հայու ոգիին ներշնչման հետ միատեղ, օր մը անպայման հայու հոգիի պայծառ արեւ մը ունենալու երջանկութիւնը պիտի ունենանք: Օր մը` անպայմա՛ն:

Եւ եթէ կամքը կայ, ուստի ի զուր չեն ջանքերը: