Հայաստանի Մէջ Այլեւս Չկայ Մենաշնորհ, Ներմուծման, Արտահանման Արգելք. Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան 2019 թուականի պիւտճէի նախագիծը կրաւորական է, հիմնուած է այն չափանիշներու վրայ, որոնք ստացուած են իբրեւ ժառանգութիւն: Այս մասին,  այսօր Ազգային ժողովի մօտ իր ելոյթին մէջ նշած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Ընթացիկ քաղաքական քննարկումներու որոշումներու ազդեցութիւնները այս փուլով հաշուի առնուած չեն, որ չի նշանակեր, որ ցանկացած պահու անոնք հաշուի չեն առնուիր եւ ներառուիր: Այնուամենայնիւ, ես կ՝ուզեմ ընդգծել, որ պիւտճէի մեր քաղաքականութեան մէջ տեղի ունեցած են շրջադարձային փոփոխութիւններ»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ իրենց պիւտճէի քաղաքականութիւնը կարելի է համարել աշխատանքի խրախուսում: Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով, այս հարցը իրենց համար ունի խիստ կարեւոր նշանակութիւն, որովհետեւ գործունէութեան ընթացքին, իբրեւ հանրային փոփոխութիւններու կարեւոր պայման, կը համարեն անհատական ջանքը: Ըստ անոր՝ երկրին մէջ չեն կրնար տեղի ունենալ դրական փոփոխութիւններ, եթէ անոնց հիմքը անհատական ջանքը չէ: Ան նշած է, որ երբ մինչ այժմ խօսուած է տնտեսական զարգացման, աճի մասին, նկատի առնուած է այն, թէ  տեղէ մը որեւէ խորհրդաւոր մարդիկ, ընկերութիւն պիտի գայ զարգացնէ պետութիւնը, կառավարութիւնն ալ պիտի զբաղի այդ ընկերութիւններու հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու գործով:

«Մենք, տնտեսական աճ ըսելով, նկատի կ՝ունենանք համընդհանուր ջանքի մէկտեղումը: Մեզի համար կարեւոր է, որ տնտեսական կառուցուածքը փոխուի այնպէս, որ ատիկա ըլլայ ներառող: Ատիկա կը նշանակէ, որ մեր քաղաքական խնդիրն է իւրաքանչիւր անհատի համար ստեղծել տնտեսական գործունէութեամբ զբաղելու իրական հնարաւորութիւն: Մենք այսօր կը գտնենք, որ քաղաքական մակարդակով այդ խնդիրը լուծած ենք, Հայաստանի մէջ այլեւս չկայ մենաշնորհ, տնտեսական գործունէութեան սահմանափակ, ներմուծման, արտահանման արգելք: Ուրեմն, յառաջիկայ շրջանին կարեւոր խնդիր պիտի ըլլայ տնտեսական պայմաններու ապահովումը, որպէսզի տնտեսական գործունէութեան ցանկացած ձեւ ըլլայ մատչելի բոլորի համար տէ իւրէ, եւ հնարաւորինս շատ մեծ թիւով մարդիկ ընդգրկուին աշխատանքի մէջ»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան: