Ալեքսիս Օհանեան Ներկայացուցած է «Շախմատ» Անունով Հայկական Քոնեակը. Հասոյթին Մէկ Մասը Պիտի Ուղղուի Հայաստանի Մէջ Անտառային Տարածքներու Վերականգման Ծրագիրին

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկահայ գործարար, Reddit հասարակական ցանցի համահիմնադիր Ալեքսիս Օհանեան ներկայացուցած է գաղտնի նախագիծը, որուն մասին նախօրօք յայտնած էր հասարակական ցանցերով:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ Ալեքսիս Օհանեան սկսած է «Շախմատ» (Shakhmat) անունով քոնեակի արտադրութիւն մը, որուն վաճառքէն ստացած հասոյթը պիտի ուղղուի Հայաստանի մէջ բարեգործական ծրագիրի: «Այսօր ես կը ներկայացնեմ ձեզին նոր հայկական քոնեակ՝ «Շախմատ» անունով: Առաջին թողարկումով արտադրուած է 2400 շիշ: Զանոնք գնելու համար շտապեցէք այցելել shakmatbrandy.com կայք: Այս ծրագիրը չէր կրնար կեանքի կոչուիլ առանց Ֆլաւիեր եւ էլիզաբեթ Կարուիններու, որոնք ամէն ինչ ըրին, որպէսզի 23-ամեայ այս հայկական աւանդոյթը աշխարհին հասնի»,- դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Օհանեանը:

«Շախմատ»-ի իւրաքանչիւր վաճառուած շիշի վաճառքի հասոյթէն որոշ գումար մը  պիտի ուղղուի Հայաստանի մէջ իրականացուող Armenia Tree Project ծրագիրին:

Ալեքսիս Օհանեան նաեւ տեսանիւթ հրապարակած է դիմատետրի իր էջին վրայ, ուր կը ներկայացնէ իր սկսած նախագիծին նախապատմութիւնը: Օհանեան նախ կը նշէ, որ հայերու համար շախմատը աւելին է, քան՝ խաղը: «Անիկա կեանքի, յամառութեան, համբերութեան եւ իմաստութեան խորհրդանիշ է մարդոց համար, որոնք չեն իյնար նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ վերահսկողութեան տակ կը պահեն անոնց»,- կ՝ըսէ Օհանեան:

Այնուհետեւ ան կը նշէ, որ քոնեակի համար ճիշդ համ գտնելու համար ժամանած է Հայաստան՝ իր հայրենիք: ««Շախմատ»-ի համար մենք օգտագործած ենք կարմիր տեսակի խաղողներ (Ռքածիթելի, Կանգուն, Գառան դմակ, Կախէթ): «Շախմատ»-ը 23-ամեայ հնութեան քոնեակ է, որ կը պահուի կովկասեան փայտեայ տակառներու մէջ, որոնք անոր իւրայատուկ համ կու տան: «Շախմատ»-ը կ՝առաջարկէ համերու առատութիւն, ներառեալ՝ չորցած միրգերու (չիր, չամիչ), ընկոյզի, մեխակի, ծխախոտի, վանիլի, կաղինի եւ քիչ մը սեւ պղպեղի»,- կը պատմէ Օհանեան:

Ան կը ներկայացնէ նաեւ Armenia Tree Project-ի հետ համագործակցութիւնը: Ալեքսիս Օհանեան կ՝ընդգծէ, որ Խորհրդային Միութեան տարիներուն ցուրտ ձմրան եւ տնտեսական դժուարութիւններու պատճառով Հայաստանի տարածքին տեղի ունեցած են ծառահատումներ, որոնց հետեւանքով ալ երկրի տարածքին ծառածածկ է 10 տոկոսէն ալ քիչ հատուած մը: «Մենք կը համագործակցինք Armenia Tree Project-ի հետ, որպէսզի օգնենք երկրի ծառածածկ տարածքներու վերականգման՝ «Շախմատ»-ի իւրաքանչիւր շիշի վաճառքով: Armenia Tree Project-ը արդէն աւելի քան 5 միլիոն 5 հարիւր հազար ծառ տնկած է՝ ստեղծելով նաեւ հարիւրաւոր եղանակային աշխատատեղեր: Իւրաքանչուր շիշի վաճառքէն հասոյթին մէկ մասը պիտի ուղղուի Armenia Tree Project-ին՝ իբրեւ աջակցութիւն Հայաստանի մէջ  անտառներու վերականգման աշխատանքին: «Ես կը հպարտանամ«Շախմատ»-ով, բայց ես աւելի հպարտ եմ անոր համար, որ ասիկա ձեր եւ շատ մարդոց համար պիտի ըլլայ Հայաստանի համը զգալու առաջին փորձը»,- կ՝ըսէ Ալեքսիս Օհանեան:

««Շախմատ»-ը բարձրացժէք դասի տեսակ է գինեգործութեան հայրենիքէն: Անիկա հայկական ազգային երկու գանձերու՝ քոնեակի եւ շախմատի միահիւսումն է»,- ըսուած է shakmatbrandy.com կայքին մէջ: