Գամառ Քաթիպա (Ռափայէլ Պատկանեան, 1830-1892). Կորուսեալ Հայուն եւ Հայաստանին Վերականգնման Զարթօնքին Հոգեհարազատ Երգիչը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Նազարէթ Պէրպէրեան


Հի­մի է՞լ լռենք, եղ­բայրք, հի­մի է՞լ,
Երբ մեր թշնա­մին իր սուրն է դրել,
Իր օր­հա­սա­կան սու­րը մեր կրծքին
Ա­կանջ չի դնում մեր լաց ու կո­ծին:
Ա­սա­ցէ՛ք, եղ­բայրք, հա­յեր, ի՞նչ ա­նենք,
Հի­մի է՞լ լռենք։

Հի­մի է՞լ լռենք, երբ մեր թշնա­մին,
Դա­ւով, հրա­պուր­քով տի­րեց մեր երկ­րին,
Ջն­ջեց աշ­խար­հից հայ­կայ ա­նու­նը,
Հիմ­քից կոր­ծա­նեց ­Թոր­գո­մայ տու­նը,
Խ­լեց մե­զա­նից թագ, ե՛ւ խօսք, ե՛ւ զէնք,
Հի­մի է՞լ լռենք:

Հի­մի է՞լ լռենք, երբ մեր թշնա­մին,
Խ­լեց մեր սու­րը — պաշտ­պան մեր ան­ձին,
Մը­շա­կի ձեռ­քիցն էլ խո­փը խլեց,
Այդ սուր ու խո­փից մեր շղթան կռեց։
Վա՜յ մեզ, շղթա­յով կա­պո­ւած գե­րի ենք,
Հի­մի է՞լ լռենք։

Մին­չեւ մեր օ­րե­րը ար­ձա­գան­գող եւ հա­յոց ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն սրտի երգ տո­ւող ու կամք կռա­նող անլ­ռե­լի այս բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ան­մահ հե­ղի­նակն է ­Գա­մառ ­Քա­թի­պա, ո­րուն ծննդեան տա­րե­դար­ձը կը նշենք ­Նո­յեմ­բեր 8ի այս օ­րը։

Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով ­Ռա­փա­յէլ ­Պատ­կա­նեան՝ ­Գա­մառ ­Քա­թի­պա ե­ղաւ մեր ժո­ղո­վուր­դին ա­մէ­նէն հո­գե­հա­րա­զատ ու սրտա­մօտ բա­նաս­տեղծ­նե­րէն մէ­կը, որ ան­մա­հա­ցաւ հա­յոց սե­րունդ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ՝ իբ­րեւ կո­րու­սեալ ­Հայն ու ­Հա­յաս­տա­նը վե­րագտ­նե­լու, վե­րար­ժե­ւո­րե­լու եւ վե­րա­կեն­դա­նաց­նե­լու Ազ­գա­յին մեր ­Զար­թօն­քին յա­ռա­ջա­պահ շե­փո­րա­հար։

Յատ­կա­պէս «Ա­րաք­սի Ար­տա­սուն­քը» խո­րագ­րով իր բա­նաս­տեղ­ծու­թեամբ՝ ­Գա­մառ ­Քա­թի­պա ամ­բողջ դա­րաշր­ջան մը բա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ՝ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս հան­դի­սա­նա­լով Հա­յու ­Տա­ռա­պան­քին ան­կեղծ եր­գիչն ու ­Պայ­ծառ ­Գա­լի­քին հա­ւա­տա­ւոր պատ­գա­մա­բե­րը։

Դ­ժո­ւար է պատ­կե­րաց­նել ազ­գա­յին շուն­չով կազ­մա­ւո­րո­ւած հայ մարդ մը, որ խոր յու­զու­մով չվեր­յի­շէ ման­կու­թեան իր տա­րի­նե­րուն սոր­ված եւ, այ­նու­հե­տեւ, անջն­ջե­լիօ­րէն իր նե­րաշ­խար­հին մէջ պահ­պա­նած պար­զու­նակ, բայց այն­քան սրտա­ռուչ եւ ի­մաս­տա­լի պատ­գա­մը «Ա­րաք­սի Ար­տա­սուն­քին»։ ­Գա­մառ ­Քա­թի­պա բա­ցաւ սիր­տը ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի խորհր­դա­նիշ «մայր» Ա­րաքս գե­տին, որ ա­մե­նայն պար­զու­թեամբ ու խո­րու­թեամբ ող­բաց կո­րուս­տը իր ան­ցեա­լի կեն­սու­նա­կու­թեան ու հարստու­թեան, շէ­նու­թեան եւ փառ­քին՝ վե­րա­զարթ­նու­մի, վե­րա­կանգն­ման ու վե­րա­նո­րոգ­ման հրա­ւէ­րը ուղ­ղե­լով իր զա­ւակ­նե­րուն։

— ­Խի­զա՜խ, ան­մի՛տ պա­տա­նի,
Նիր­հըս ին­չո՞ւ դա­րե­ւոր
Վր­դո­վում ես, նո­րո­գում
Իմ ցա­ւե­րը բիւ­րա­ւոր:

Սի­րե­լիի մա­հից յետ
Ե՞րբ ես տե­սել, որ այ­րին
Ո­տից գը­լուխ պըճ­նո­ւի
Իր զար­դե­րով թան­կա­գին:

Ո­րի՞ հա­մար զար­դա­րո­ւիմ,
Ո­րի՞ աչ­քը հրա­պու­րեմ,
Շա­տերն ինձ են ա­տե­լի,
Շա­տե­րին՝ ես օ­տար եմ…

Կար ժա­մա­նակ, որ ես էլ,
Շը­քե­ղա­զարդ հար­սի պէս,
Հա­զար ու բիւր պըչ­րան­քով
Փախ­չում էի ա­փե­րես:

Յա­տա­կըս պարզ ու վը­ճիտ,
Կո­հակ­նե­րըս ո­լո­րուն,
Լու­սա­բե­րը մին­չեւ այգ
Ջը­րիս մի­ջին էր լո­ղում:

Ի՞ն­չըս մը­նաց էն օ­րից,
Ո՞ր ջը­րա­մօտ գե­ղե­րըս,
Ո՞­րը իմ շէն քա­ղա­քից,
Ո՞ր բերկ­րա­լի տե­ղե­րըս:

Տուր­քը ջը­րի ա­մէն օր
Իր սուրբ ծո­ցէն Ա­րա­րատ
Մայ­րա­խը­նամ ինձ սը­նունդ
Պար­գե­ւում է լիա­ռատ:

Բայց ես այն սուրբ ջը­րե­րով,
Սուրբ Ա­կո­բի աղ­բիւ­րին,
Պի­տի ցօ­ղեմ ար­տո­րա՞յք
Իմ ա­տե­լի օ­տա­րին…

Մինչ իմ որ­դիք — ո՞վ գի­տէ —
Ծա­րաւ, նօ­թի, ան­տե­րունչ
Օ­տար աշ­խարհ յա­ծում են
Թոյլ ոտ­քե­րով կի­սա­շունչ…

Հե­ռո՜ւ, հե­ռո՜ւ քը­շե­ցին
Բը­նիկ ազ­գըն իմ ­Հայ­կեան,
Նո­րա տե­ղը ինձ տը­ւին
Ազգ ան­կը­րօն, մո­լե­կան:

Դո­ցա՞ հա­մար զար­դա­րեմ
Իմ հիւ­րըն­կալ ա­փե­րը,
Եւ կամ՝ դո­ցա՞ հրա­պու­րեմ
Ճըպ­ռոտ, պըլ­շած ա­չե­րը:

Քա­նի որ իմ զա­ւա­կունք
Այս­պէս կու մը­նան պան­դուխտ՝
Ինձ միշտ սը­գո­ւոր կը տես­նէք.-
Ա՛յս է ան­խաբ իմ սուրբ ուխտ…

Ռա­փա­յէլ ­Պատ­կա­նեան ծնած է ­Նո­յեմ­բեր 8ին, 1830 թո­ւա­կա­նին, ­Նոր ­Նա­խի­ջե­ւա­նի (­Ռոս­տով-­Տո­նի շրջան) մէջ։ ­Զա­ւակն է հռչա­կա­ւոր մտա­ւո­րա­կան, գրող եւ քա­հա­նայ ­Տէր Գաբ­րիէլ ­Պատ­կա­նեա­նի, որ հայ­կա­կան վար­ժա­րան հիմ­նած էր ­Նոր ­Նա­խի­ջե­ւա­նի մէջ։ Սկզբ­նա­կան իր կրթու­թիւ­նը հօր վար­ժա­րա­նին մէջ ստա­նա­լէ ետք, ­Ռա­փա­յէլ 1843ին ղրկո­ւե­ցաւ Մոս­կո­ւա եւ վեց տա­րի, մին­չեւ 1849, ու­սա­նե­ցաւ նո­րա­հաս­տատ «­Լա­զա­րեան» ճե­մա­րա­նին մէջ: Ու­սու­ցիչ ու­նե­ցաւ մե­ծա­նուն մտա­ւո­րա­կան, ման­կա­վարժ եւ ազ­գա­յին գոր­ծիչ Մկր­տիչ Է­մի­նը։

«­Լա­զա­րեան»էն շրջա­նա­ւարտ՝ ­Ռա­փա­յէլ տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ ­Թիֆ­լիս, ուր հայ­րը՝ ­Գաբ­րիէլ Քա­հա­նան ստանձ­նած էր «­Ներ­սի­սեան» նո­րա­բաց վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը։ ­Ռա­փա­յէլ ու­սու­ցի­չի պաշ­տօն ստանձ­նեց «­Ներ­սի­սեան» վար­ժա­րա­նի մէջ եւ, միա­ժա­մա­նակ, սկսաւ իր գրած ա­ռա­ջին ո­տա­նա­ւոր­նե­րը լոյս ըն­ծա­յել այդ շրջա­նին հօր խմբագ­րած «Ա­րա­րատ» շա­բա­թա­թեր­թին մէջ։

Բայց ու­սու­մի տեն­չը հան­գիստ չտո­ւաւ Ռ. ­Պատ­կա­նեա­նին։ Եր­կու տա­րի ետք, 1851ին, ան մեկ­նե­ցաւ ­Դոր­պա­տի հա­մալ­սա­րա­նը՝ պատ­մա­գի­տա­կան եւ լե­զո­ւա­գի­տա­կան իր պատ­րաս­տու­թեան մէջ մաս­նա­գի­տա­նա­լու նպա­տա­կով։ ­Բայց նիւ­թա­կան դժո­ւա­րու­թեանց հե­տե­ւան­քով, ան միայն մէկ տա­րի կրցաւ մնալ ­Դոր­պա­տի մէջ եւ ստի­պո­ւած ան­ցաւ ­Մոս­կո­ւա։

Ըն­դու­նո­ւե­լով ­Մոս­կո­ւա­յի հա­մալ­սա­րա­նը՝ Ռ. ­Պատ­կա­նեան մէկ կող­մէ խո­րա­ցուց իր պատ­րաս­տու­թիւ­նը պատ­մա­գի­տու­թեան եւ լե­զո­ւա­գի­տու­թեան մէջ, իսկ միւս կող­մէ ե­ռան­դով նե­տո­ւե­ցաւ հայ գրա­կան-հա­սա­րա­կա­կան կեան­քի մէջ։ Այդ շրջա­նին էր, որ իր եր­կու մտե­րիմ ըն­կեր­նե­րուն՝ ­Գէորգ ­Քա­նա­նեա­նի եւ Մ­նա­ցա­կան ­Թի­մու­րեա­նի հետ, ­Ռա­փա­յէլ ­Պատ­կա­նեան հի­մը դրաւ գրա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թեան մը՝ ի­րենց ե­րե­քին ա­նուն-մա­կա­նու­նին տա­ռե­րէն կազ­մո­ւած «­Գա­մառ ­Քա­թի­պա» ա­նու­նով։ ­Թէեւ կար­ճա­տեւ ե­ղաւ ըն­կե­րակ­ցու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ ա­րագ լու­ծա­րուե­ցաւ, բայց ­Ռա­փա­յէլ ­Պատ­կա­նեան շա­րու­նա­կեց իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ստո­րագ­րել ­Գա­մառ ­Քա­թի­պա՝ զայն դարձ­նե­լով իր սե­փա­կան գրչա­նու­նը։

Մոս­կո­ւա­յէն, 1866ին, ան ան­ցաւ Ս. ­Փե­թերս­պուրկ, ո­րուն հա­մալ­սա­րա­նին լե­զո­ւա­բա­նու­թեան ճիւ­ղը ա­ւար­տեց 1869ին եւ ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ գրա­կան գոր­ծու­նէու­թեան։ «­Գա­մառ Քա­թի­պա» ըն­կե­րակ­ցու­թեան ա­նու­նով լոյս ըն­ծա­յեց գրա­կան պար­բե­րա­կան գիր­քե­րու շարք մը, ուր լոյս տե­սան ա­տե­նի ե­րի­տա­սարդ հե­ղի­նակ­նե­րու գոր­ծե­րը, յատ­կա­պէս իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։ ­Զար­թօն­քի ­Սե­րուն­դի եւ Աշ­խար­հա­բա­րի ­Շարժ­ման տա­րի­ներն էին եւ «­Գա­մառ ­Քա­թի­պա» ըն­կե­րակ­ցու­թեան մէջ հա­մախմ­բո­ւած ե­րի­տա­սարդ հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը պար­զե­ցին դրօ­շը նո­րա­րա­րա­կան շար­ժու­մի մը, ո­րուն նշա­նա­բանն էր՝ «Գ­րէ՛ այն­պէս, ինչ­պէս որ խօ­սում ես. խօ­սէ՛ այն­պէս, ինչ­պէս որ գրում ես»։ Այդ հան­գա­նա­կով ալ շար­ժու­մը մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ ա­րե­ւե­լա­հայ աշ­խար­հա­բա­րի մշակ­ման ու տա­րած­ման մէջ։

Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի մէջ իր ապ­րած տա­րի­նե­րուն ա­մուս­նա­ցաւ օ­տա­րու­հիի մը՝ Օլ­կա­յի հետ, որ սա­կայն հա­յե­րէն սոր­վե­ցաւ եւ, ա­մուս­նոյն կող­քին, թարգ­մա­նա­կան աշ­խա­տանք կա­տա­րեց։ Ռ. Պատ­կա­նեան 36 տա­րե­կան էր, երբ կնոջ հետ վե­րա­դար­ձաւ իր ծննդա­վայ­րը՝ ­Նոր նա­խի­ջե­ւան, ուր նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ու­սուց­չու­թեան եւ գրա­կա­նու­թեան։ Ո­րոշ ժա­մա­նակ քա­ղա­քի հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նին մէջ դա­սա­ւան­դե­լէ ետք, հիմ­նեց իր սե­փա­կան ման­կա­պար­տէ­զը եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ստեղ­ծեց իր ժա­մա­նա­կին մեծ մա­սը յատ­կաց­նե­լու գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան։

Ազ­գա­յին մեր ի­րա­կա­նու­թիւ­նը յու­զող վէր­քերն ու ցա­ւե­րը դար­ձան ­Գա­մառ ­Քա­թի­պա­յի գրա­կա­նու­թեան ա­ռանց­քը։ ­Հայ գեղ­ջու­կին թշո­ւա­ռու­թիւնն ու հայ պան­դուխ­տին տա­ռա­պան­քը, ինչ­պէս նաեւ օ­տար լու­ծի տակ հայ ժո­ղո­վուր­դին բա­ժին հա­նո­ւած հարստա­հա­րում­ներն ու բռնու­թիւն­նե­րը երգ դար­ձան ­Գա­մառ ­Քա­թի­պա­յի գրչին տակ՝ զինք դարձ­նե­լով Ազ­գա­յին ­Բա­նաս­տեղծ։

Դժ­բախ­տա­բար թո­քախ­տը թոյլ չտո­ւաւ, որ Ռ. ­Պատ­կա­նեան շա­րու­նա­կէ ստեղ­ծա­գոր­ծել։ 62 տա­րե­կա­նին, 26 Օ­գոս­տոս 1892ին, մեր կեան­քէն վա­ղա­ժամ հե­ռա­ցաւ ա­տե­նի հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան ապ­րում­նե­րուն եւ մղում­նե­րուն թռիչք տո­ւած հայ բա­նաս­տեղ­ծը։

Իր գրա­կան ժա­ռան­գու­թեան մաս կը կազ­մեն ա­ռա­ջին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը խմբող «­Պան­դուխտ հայ ի ­Փա­րէզ»ը, «Ա­ռա­ւօ­տեան երգ շի­նա­կաց»ը, «Ե­րե­կո­յեան երգ շի­նա­կաց»ը, «­Հա­յոց գի­նի»ն, «­Թիֆ­լի­սի քէֆ»ը ե­ւայլն։ «Ես նշա­նած էի», «­Տի­կինն ու նա­ժիշ­տը», «­Փա­ռա­սէր»ը եւ այլ պատ­մո­ւածք­ներ ու վի­պակ­ներ։ ­Նաեւ՝ «Ա­նիի ա­ռու­մը» թա­տե­րա­կան եր­կը։

Բայց յատ­կա­պէս «Ա­րաք­սի ար­տա­սուն­քը» եւ «­Քաջ ­Վար­դան ­Մա­մի­կո­նեա­նի մա­հը» ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց մէջ ի յայտ կու գայ ­Գա­մառ ­Քա­թի­պա­յի ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան յու­զաշ­խար­հը։
Բա­ցի բազ­մա­թիւ իր եր­կա­րա­շունչ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րէն, կարճ քեր­թո­ւած­նե­րէն եւ պատ­մո­ւածք­նե­րէն, ­Ռա­փա­յէլ ­Պատ­կա­նեան ու­նի նաեւ եր­գի­ծա­կան է­ջեր, գրո­ւած ­Նոր Նա­խի­ջե­ւա­նի հա­յոց բար­բա­ռով։

Իր ծննդեան տա­րե­դար­ձին նո­ւի­րո­ւած յու­շա­տետ­րի այ­սօ­րո­ւան է­ջը եւս կ’ար­ժէ եզ­րա­փա­կել Գա­մառ ­Քա­թի­պա­յի ազ­գա­յին պատ­գա­մով՝

Եր­նէկ, թէ այս նոր տա­րին
Վերջ տար հա­յի ցա­ւե­րին,
Չա­րը կոր­չէր ու բա­րին
Բուն դնէր մեր սրտե­րին:

Եր­նէկ, թէ այս նոր տա­րին
Ա­զատ շնչէր ­Հա­յաս­տան,
Եւ շուրջ ­Մա­սիս մեր սա­րին
Փայ­լէին վարդ-ան­դաս­տան:

Եր­նէկ, թէ այս նոր տա­րին
Հայ ազգ ի մի գու­մա­րո­ւէր,
Ի գլուխ ­Կար­նոյ հայ ամ­րին
Հա­յի դրօ­շակ ծա­ծա­նէր:

Եր­նէկ, թէ այս նոր տա­րին
Ոտ­քի կանգ­նէր ­Հա­յաս­տան,
Եւ կի­սա­քանդ մեր ­Կա­րին
Լի­նէր քա­ղաք մեր ոս­տան:

Հա­յեր, եր­բեք չերկմ­տիք,
Կը կա­տա­րո­ւի այդ ա­մէն,
Ե­թէ իս­պառ մենք հա­նենք
Փոք­րո­գու­թիւն մեր սրտէն: