Վերանորոգուած ՀՅԴն Կրնայ Ժողովրդավարութիւն Կերտել Հայաստանի Մէջ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՀԱՅԿ ԳԱՅՍԵՐԵԱՆ


Ստորեւ թարգմանաբար հատուածներ կը հրատարակենք Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Հայկ Գայսերեանի վերոնշեալ խորագրով լոյս տեսած անգլերէն յօդուածէն.

Սեպտեմբերին կայացած Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւնները հաստատօրէն ապացուցեցին, որ Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդած ժողովրդային շարժումի հետեւորդները՝ Հանրապետութեան հրապարակը լեցնող, բոցաշունչ ճառախօսութիւններուն ոգեւորութեամբ արձագանգող, պարող հարիւրհազարաւոր մարմիններն են: Կան բազմաթիւ ուրիշներ, որոնք միասին՝ կը հանդիսանան զօրաշարժի ենթարկուած զանգուածը ընտրողներու, որոնք պատրաստ են քուէարկելու եւ իրականացնելու իրենց ուզած փոփոխութիւնը…

Շատ մեծ հաւանականութիւն կայ, որ նման ջախջախիչ արդիւնք ձեռք բերուի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն…

Այսուհանդերձ, յանուն հանրապետութեան մէջ ի վերջոյ հաստատուող ժողովրդավարութեան եւ ի հեճուկս մենիշխանութեան, քաղաքական միւս կուսակցութիւնները պէտք է ընդունին, որ  Նոր Հայաստան ստեղծուած է, եւ պէտք է սկսին իրենց յետագայ ընելիքները յստակացնելու…

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մեծ դեր կը վերապահեմ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան կերտման գործին մէջ: Սակայն, Հայաստանի քաղաքական իրականութեան մէջ իր տեղն ու դերը արժեւորելու համար, անհրաժեշտ է, որ կուսակցութիւնը կատարէ որոշ փոփոխութիւններ:

Դաշնակցութեան կենսունակութեան չհաւատացողներուն ձայնը առաւել եւս բարձրացած է Երեւանի ընտրութիւններէն ետք, երբ Հայաստանի պետականութիւնը ստեղծող 128ամեայ կուսակցութիւնը քուէարկողներուն միայն 1.62 տոկոսը ապահովեց… իմ կարծիքով՝ այս արդիւնքը հետեւանք է Դաշնակցութեան՝ Սերժ Սարգսեանին ցոյց տուած զօրակցութեան մինչեւ իր հրաժարականի պահը…

Եթէ համամիտ էք, որ կուսակցութեան գործակցութիւնը ՀՀԿի հետ հիմնական պատճառն էր անոր դէմ ժողովրդական բացասական վերաբերմունքին, ուրեմն դուք համաձայն էք, որ կուսակցութեան ժողովրդականութեան անկումը անոր քաղաքական վարքագիծին պատճառով է, այլ ոչ անոր գաղափարախօսութեան, անոր արժէքային համակարգին, անոր պատմութեան: Եթէ ուրիշ որոշումներ առնուէին կամ առնուին ՀՅԴն կրնար եւ տակաւին կրնայ կարեւոր դեր ունենալ Նոր Հայաստանի մէջ հասուն ժողովրդավարութիւն ստեղծելու գործին մէջ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթներէն կը տեսնենք, որ ան գաղափարախօսութիւն չունի եւ որ (գաղափարախօութեանց) ժամանակը անցած է… Սակայն պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ այդպէս չէ եւ շուտով, երբ Փաշինեան իր տնտեսական ծրագիրը ներկայացնէ, յայտնի պիտի դառնայ իր դաւանած գաղափարախօսութիւնը: Արդէն իսկ անոր մօտեցումներուն վերաբերեալ որոշ ուրուագիծ մը կարելի է կազմել անոր ակնարկներէն:

Այստեղ է, որ Հայաստանի մէջ վերանորոգուած ՀՅԴի դերը կարեւոր կը դառնայ. ՀՅԴն՝ իր աւանդական կեդրոն-ձախ, ժողովրդավարական ընկերվարութեան սկզբունքներով, ՀՅԴն՝ իր երեսունէ աւելի երկիրներու մէջ ունեցած հազարաւոր անդամներ հաշուող կառոյցներով, համակիրներով, ուղեկից կազմակերպութիւններով, որոնք կրնան մեծապէս նպաստել Նոր Հայաստանին…

«Վերադարձ արմատներուն»: Այս պէտք է ըլլայ ՀՅԴի պատասխանը յետագայ ընելիքներուն մասին հարցումին: Հայաստան կարիքը ունի կուսակցութեան մը, որուն քաղաքականութիւնը կեդրոնացած պիտի ըլլայ աշխատաւորներու, փոքր ձեռնարկութիւններու, կանանց ու փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ, նոյն ատեն հաւատարիմ մնալով Արցախի եւ Միացեալ Հայաստանի գաղափարին: Այս դերին մէջ Դաշնակցութիւնը մրցակից չ՛ունենար Հայաստանի մէջ: Այս քաղաքական գիծով, Դաշնակցութիւնը կը պարտադրէ Փաշինեանի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան ու միւս կուսակցութիւններուն՝ դիրք ճշդելու այս հարցերուն վերաբերեալ:

Եթէ կուսակցութիւնը պիտի վերադասաւորէ իր քաղաքական ուղղութիւնը, անիկա նախ պէտք է ընդունի, որ իր վարկը մեծ հարուած ստացած է… Իր համակիրներու զօրակցութիւնը վերստանալու համար՝ անիկա պէտք է ընդունի իր սխալները…

Ամէն կուսակցութիւն սխալական է, բայց միայն ՀՅԴի նման մեծ, իր պատմութեամբ հպարտ կուսակցութիւնը կրնայ իր մէջ գտնել խիզախութիւնը ինքզինք վերաքննելու եւ վերանորոգուելու:

Վերանորոգուած ՀՅԴն կրնայ օժանդակել Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան կառուցման գործին: