«Ճամբադ Տանդ Պէ՛ս Պահէ» Մաքրութեան Արշաւին Մասնակցեցան Պուրճ Համուտի Բոլոր Քաղաքային Եւ Համայնքային Հաստատութիւնները

Սփիւռք

Կիրակի, 4 Նոյեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն սկսեալ մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00-ը, կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, տեղի ունեցաւ «Ճամբադ տանդ պէ՛ս պահէ» մաքրութեան արշաւը, որուն մասնակցեցան Պուրճ Համուտի քաղաքացիները, մարմնակրթական եւ բարեսիրական միութիւնները, կրթական հաստատութիւնները, Պուրճ Համուտի բոլոր համայնքները ներկայացնող եկեղեցական հոգեւոր հաստատութիւնները, կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը։

Նախաձեռնութեան կը մասնակցէին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, մարոնիներու Մար Եուսեֆ եկեղեցւոյ հովիւ հայր Պասսամ Քիուան, շէյխ Զէյտ Ֆարհաթ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդը` քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի գլխաւորութեամբ: «Ճամբադ տանդ պէ՛ս պահէ» մաքրութեան արշաւի նպատակն է քաղաքապետութեան կողմէ լոյս սփռել քաղաքացիին առողջութեան եւ կենսոլորտի մաքրութեան փոխկապակցուածութեան վրայ, զարգացնել քաղաքացիին մօտ աղբը յատուկ աղբատեղիի մէջ նետելու եւ քաղաքը մաքուր պահելու գիտակցութիւնը, ինչպէս նաեւ իրերօգնութեան մշակոյթը վառ պահել:

Լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան այն նախաձեռնութեան անդրադարձաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ըսաւ, թէ երբ մասնակցեցաւ նշեալ նախաձեռնութեան, յիշեց պատերազմի նախկին օրերը, երբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական միութեան տղաքը Պուրճ Համուտի պատերը աֆիշներէ կը մաքրէին: Մաքրութեան այս արշաւը յիշեցուցած է նաեւ նախապատերազմեան օրերը, երբ միացեալ ջանքերով կը մաքրուէր քաղաքը:

«Այս նախաձեռնութիւնը պիտի շարունակուի, անոր նպատակն է նաեւ նոր սերունդին մօտ վառ պահել շրջանը եւ միջավայրը մաքուր պահելու մշակոյթը, քաղաքին մօտ զգալու, տան պէս վարուելու մօտեցումը, որովհետեւ այս սերունդը ապագայի ծնողներն ու պատասխանատուներն են, եւ այս մօտեցումով պէտք է վարժուին վարուիլ», ըսաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Անդրադառնալով Պուրճ Համուտի բարեկարգման եւ բարեզարդման աշխատանքներուն` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, թէ յատուկ ուշադրութեան արժանացած է կոյուղիներու կեղտաջուրի հարցը, եւ համապատասխան նախարարութեան հետ աշխատանք կը տարուի արմատական լուծում մը տալու նշեալ հարցին:

Զրոյցի աւարտին, երեսփոխան Բագրատունի շնորհակալութիւն յայտնեց նախաձեռնութիւնը կազմակերպող Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ մասնակից բոլոր միութիւններուն, հաստատութիւններուն եւ մարմիններուն` նշելով, որ միայն միացեալ ճիգերով կարելի է նման յաջողութիւններու հասնիլ: