Քրեմլինի Պալատին Մէջ «Ուրարտու» Մրցանակաբաշխութիւնը Պիտի Նուիրուի Շառլ Ազնաւուրի Յիշատակին

Սփիւռք

Ռուսիոյ հայ երիտասարդներու նախաձեռնած «Ուրարտու» ազգային երաժշտական երկրորդ մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը նուիրուած պիտի ըլլայ ֆրանսահայ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի յիշատակին: ԹԱՍՍ-ի հաղորդմամբ, մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 3-ին Մոսկուայի Քրեմլինի պետական պալատին մէջ:

«Անցեալ տարի Շառլ Ազնաւուրի օրհնութեամբ, մենք քայլ առինք, ինքնուրոյն իրականացուցինք նման լայնածաւալ ծրագիր: Մենք միշտ կ՛երազէինք ստեղծել մեքանիզմ մը, որ նպաստէ սերունդներու շարունակականութեան: Մեր նպատակն է պահպանել միասնութիւնը, մշակոյթն ու հոգեւորութիւնը: «Ուրարտու» մրցանակաբաշխութիւնը մենք կը նուիրենք մեր ուսուցիչին որպէս յիշատակի եւ անսահման յարգանքի նշան», – ըսած է մրցանակաբաշխութիւնը կազմակերպող կոմիտէի համանախագահ Անոյշ Կիրակոսեան:

Կազմակերպիչները յիշեցուցած էին, որ երգահանը անձամբ մասնակցած էր «Ուրարտու» առաջին մրցանակաբաշխութեան:

Համերգին ելոյթ պիտի ունենայ տուտուկահար Ջիւան Գասպարեան, ֆրանսահայ երգիչներ Ռոզի Արմէն եւ Ժան Տատլեան, ՀԽՍՀ ժողովրդական արտիստ Ռուբէն Մաթէոսեան եւ ուրիշներ:

Յիշեցնենք, որ աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուր մահացած է Հոկտեմբեր 1-ին: