Նիկոլ Փաշինեան Լքեց Կառավարութեան Նիստը

Հայաստան

ՀՀ վարչապետի պաշտոնակատար Նիկոլ Փաշինեանը լքեց կառավարութեան նիստը:

Ան յայտարարեց, որ նիստը կը շարունակէ վարել փոխվարչապետ Տիգրան Ավինեան, որպէսզի ինք նախապատրաստուի ԱԺ-ի մէջ կայանալիք վարչապետի ընտրութիւններուն:
«Այսօր Ազգային ժողովին պէտք է հանդէս գամ, քանի որ նշանակուած են վարչապետի ընտրութիւններ, որուն արդիւնքով վարչապետ պէտք է չընտրուի եւ իրաւունքի ուժով ԱԺ-ն լուծարուի: Մեկ-երկու հարցի քննարկումէն ետք կը խնդրեմ, որ պարոն Աւինեանը վարէ նիստը եւ ես նախապատրաստուիմ ԱԺ-ի նիստին», – յայտարարեց Ն. Փաշինեան: