«Պէտք է Ուշադրութիւն Դարձնենք Ծպտեալ Հայերուն», Յայտնած է Հայկական Գերեզմանոցի Վրայ Զուգարան Կառուցած Թուրք Քաղաքապետը

Աշխարհ, Էրկիր

Վանի էտրեմիթ (Արտամէտ-Ակունքի խմբ.) շրջանի ղեկավար Աթիֆ Չիչէքչին, որ միեւնոյն ժամանակ պետութեան կողմէ կարգուած է որպէս Արտամէտ քաղաքի կառավարիչ (հոգաբարձու), Վանի տեղական ռատիօկայանի եթերէն խօսած է հայկական գերեզմանոցի վրայ կառուցուած զուգարաններու հարցի մասին:

Հանրային զուգարանը կառուցել տուած ու բարձրացած աղմուկէն ետք նոյնիսկ զայն կազմաքանդելէ հրաժարած թուրք պետական կառավարչը կրկին ժխտած է այդտեղ հին հայկական գերեզմանոց ըլլալու փաստը:

Լողափի կառուցումէն յետոյ մեզ զրպարտեցին` պնդելով, թէ լողափի զուգարանը կառուցուած է գերեզմանոցի վրայ: Ալլահէն չվախցող հիւանդ երեւակայութիւն ունեցող այդ անձիք մեզ զրպարտած են: Այդ լուրերը բաձարձակապէս սուտ են»,- ըսած է Չիչէքչի:

Թուրք ազգայնական պաշտօնեան, որ նոյնիսկ զուգարանը քանդելու անհրաժեշտութեան մասին Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարին ըրած յայտարարութենէն ետք հրաժարեցաւ կազմաքանդելէ զայն, «գտած է գերեզմանոցի մասին սուտ լուրեր տարածուելուն պատճառը»:

«Այդ ստոր մարդիկ, հայկական գերեզմանոցի մասին սուտը յօրինելով, Եւրոպայի մէջ մեր դէմ արշաւ իրականացուցին: Այժմ ալ, մեր քիւրտ եղբայրները սադրելով, կը շարունակեն այդ գործը»,- իր յօրինած թեզը բարձրաձայնած է Չիչէքչին:

Ինքզինք համայնքի մարդ համարող ու իսլամներու իրաւունքները պաշտպանել փորձող կառավարիչը, շարունակելով միտքը, ըսած է. «Մենք ցեղապաշտութեան դէմ ենք: Եթէ մէկը չափէն աւել քրտութիւն ընէ, պէտք է անոր հիմքը քանդել: Ատիկա նաեւ թրքութիւն ընելու վրայ կը տարածուի: Ծպտեալ հայեր կան: Բոլորը պէտք է ուշադրութեան կեդրոնին պահեն զանոնք»,- եզրափակած է թուրք պաշտօնեան:

Յիշեցնենք, որ Արտամէտի քաղաքապետարանի հոգաբարձուի յանձնարարութեամբ` հասարակական լողափի մօտ գտնուող պատմական բլուրի եւ հայկական գերեզմանոցի վրայ զուգարան եւ հանդերձարաններ կառուցուած են:

Խնդրի շուրջ բարձրացած աղմուկին պատճառով 2017-ի Նոյեմբերին Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նուման Քուրթուլմուշ յայտարարած էր, որ Վանի մէջ հայկական գերեզմանոցի վրայ կառուցուած այդ կառոյցները պէտք է կազմաքանդուին:

Սակայն քաղաքապետարանի` պետութեան կողմէ նշանակուած հոգաբարձու Աթըֆ Չիչէքլին յայտարարած է, որ վերոնշեալ շինութիւնները պիտի չքանդուինք` պնդելով որ այդ վայրին մէջ հայկական գերեզմաններ չկան:

Նշուած տարածքին մէջ ժամանակին հայկական թաղամաս եղած է, որ յայտնի է որպէս հանրայայտ հայ նկարիչ Արշիլ Կորքիի ծննդավայր: Թաղամասի հարեւանութեամբ գտնուող հայկական գերեզմանատունը անարգուած է, կատարուած կառուցապատումներու պատճառով բազմաթիւ մարդկային ոսկորներ դուրս եկած են հողէն եւ այս ու այն կողմ ինկած: Գերեզմանոցն ու բլուրը նաեւ գանձախոյզներու կողմէ անխնայ փորուած ու աւերուած է: