Նիկոլ Փաշինեան Երուանդ Մանարեանին «Ժողովրդական Արտիստ» Կոչումը Կը Շնորհէ

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան դերասան Երուանդ Մանարեանին Հայաստանի Հանրապետութեան  ժողովրդական արտիստի կոչում շնորհելու որոշում տուած է:

«Որոշում կայացուցի՝ Երուանդ Մանարեանին Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արտիստի կոչում շնորհելու մասին: Այս յիրաւի վաստակած կոչումը ան երկար տարիներ չէ ստացած ընդդիմադիր քաղաքական հայեացքներու պատճառով: Որոշումը իրականօրէն ուժի մէջ պիտի մտնէ ՀՀ նախագահի կողմէ ստորագրուելէն ետք», գրած է Փաշինեան «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ: