Գարեգին Բ․ Կաթողիկոս Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հայաստանի Մէջ Համասեռամոլներու Կողմէ Նախաձեռնուած Համաժողովի Առնչութեամբ

Հայաստան

Գարեգին Բ․Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Նոյեմբեր 1ին յայտարարութիւն տարարած է՝ իր մտահոգութիւնը յայտնելով համասեռամոլներու կողմէ Հայաստանի մէջ նախաձեռնուող համաժողով առնչութեամբ։

Ստորեւ կը ներկայացնենք յայտարարութիւնը․

Վերջին օրերուն խորը մտահոգութեամբ տեղեկացանք համասեռամոլներու կողմէ Հայաստանի մէջ նախաձեռնուող համաժողովի լուրերու մասին, որ յառաջացուցած է մեր ժողովուրդի մեծ վրդովմունքը:

Մեր Քրիստոսասէր ժողովուրդը դարերէ ի վեր կրողն է աստուածօրհնեալ ընտանիքի նուիրական գաղափարը եւ պահպանողը ընտանիքի սրբագործուած արժէքը: Աստուածահաստատ ընտանիքի սրբազան խորհրդով կը շարունակուի կեանքի գոյութիւնը, կեանքի հրաշագործութիւնը: Աստուած պատուիրաններ ու բարոյականութեան օրէնքներ սահմանած է արարչաստեղծ մարդու համար: Այսօր, սակայն, փորձ կը կատարուի բարոյական շեղումները եւ ատոնց բացայայտ քարոզչութիւնը ներկայացնելու իբրեւ մարդու իրաւունքներ եւ ազատութիւններ: Քրիստոսի Սուրբ Եկեղեցին համասեռամոլութեան երեւոյթի նկատմամբ իր դիրքորոշումը արտայայտած է` անընդունելի հռչակելով այդ կենցաղակերպը իբրեւ մարդկային բնութեան խեղում, բայց երբեք չդադրելով հովուական խնամք ցուցաբերել եւ կոչ ընել այդ մեղքի մէջ յայտնուած անձերուն` սրբագրելու իրենց ընթացքը:

Խստօրէն մերժելի են եւ դատապարտելի ԼԳԲՏ ներկայացուցիչներու կողմէ հասարակութեան մէջ հրահրումներ յառաջացնելու քայլերը եւ համասեռամոլութեան երեւոյթի որեւէ հանրայնացումին ու ատոր գովազդումին, որոնք գայթակղութիւն են մեր աճող սերունդի համար եւ սպառնալիք` մեր ազգի յարատեւութեան»: