Սիմոն Մարտիրոսեան Ճանչցուած է Եւրոպայի Ախոյեանութեան Լաւագոյն Մարզիկ

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի ծանրամարտի տղամարդոց խումբի անդամ Սիմոն Մարտիրոսեան ճանչցուած է Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան լաւագոյն մարզիկ:

«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի մինչեւ 23 տարեկաններու ախոյեանութեան Մարտիրոսեան դարձած էր ախոյեան: Կազմակերպիչները տղամարդոց մրցումներուն լաւագոյնը ճանչցած են հայ մարզիկը:

Լեհաստանի Զամոսք քաղաքին մէջ կայացած` Եւրոպայի ծանրամարտի մինչեւ 20 եւ մինչեւ 23 տարեկաններու ախոյեանութեան հայ մարզիկները նուաճած են 34 մետալ (13 ոսկէ, 10 արծաթէ եւ 11 պրոնզէ):

Հայաստանի հաւաքականը ընդհանուր հաշուարկով գրաւած է երկրորդ տեղը: