Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ունեցած Հանդիպումները` Պեռնի Մէջ

Սփիւռք

Պեռն (Զուիցերիա) կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Հոկտեմբեր 26-էն 28 Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հետեւեալ այցելութիւններն ու հանդիպումները ունեցաւ. : Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերակցէր ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Ռէզիքեան ամոլը.

1) Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցաւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ քաղաքական ու տնտեսական հարցերուն առնչուած Զուիցերիոյ պետութեան ներկայացուցիչ Ուլֆկանկ Ամատէոս Պրուելհարթի հետ: Նոյն անձին հետ վեհափառ հայրապետը հանդիպած էր շուրջ տարի մը առաջ, այդ հանդիպումի ընթացքին ալ ան ընդգծած էր Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն օժանդակելու անհրաժեշտութիւնը:

2) Պեռնի եպիսկոպոսարանին մէջ վեհափառ հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքի հոգեւորականներուն, համալսարանի դասախօսներուն ու դոկտորայի աստիճանի ուսանողներուն հետ եւ երկխօսութիւն մը ունեցաւ աստուածաբանական հարցերու շուրջ:

3) Ան առիթը ունեցաւ կարճ հանդիպում մը ունենալու Հայաստանի դեսպանատան պաշտօնակատար Անահիտ Յարութիւնեանի հետ, որ յատուկ Պեռն եկած էր ներկայ գտնուելու վեհափառ հայրապետին դասախօսութեանց:

4) Վեհափառ հայրապետը պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին ներկայ գտնուեցաւ ի պատիւ իրեն տրուած պաշտօնական ընթրիքի մը` կազմակերպուած Հին կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ կրօնական ու քաղաքական դէմքեր:

5) Վեհափառ հայրապետը իր պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին այցելեց լիբանանեան դեսպանատուն, ուր պաշտօնպէս ընդունուեցաւ դեսպան Ռոլա Նուրէտտինի կողմէ: Ապա, ի պատիւ վեհափառ հայրապետին պաշտօնական ընթրիք տեղի ունեցաւ:

6) Պեռն իր կեցութեան օրերուն, վեհափառ հայրապետը նաեւ յաջորդական հանդիպումներ ունեցաւ կրօնական, քաղաքական ու միջեկեղեցական պատասխանատուներու հետ:

7) Յայտնենք նաեւ, որ վեհափառ հայրապետին եւ իր այցելութեան մասին լայնօրէն անդրադարձած էր Զուիցերիոյ գլխաւոր օրաթերթը: