Լեզուի Կոմիտէն Կ՛առաջարկէ Ստեղծել Հայերէնի Ելեկտրոնային Եզրաբանական Բառարան

Հայաստան

Հասարակութեան բոլոր խումբերու թիւ մէկ հարցը հայերէնի՝ պետական լեզուի կարգավիճակի գիտակցումն է:

«Արմէնփրէս»-ի մամլոյ սրահին մէջ, Հոկտեմբեր 26-ին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին նշեց Լեզուի կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Գիւրջինեան:

«Մարդը փոքրիկ խցիկ կը բանայ, վրան կը դնէ օտար տառերով, օտար անուն: Ատիկա զբօսաշրջիկի համար չէ, ատիկա տուեալ մարդու մէջ նստած օտարամոլութեան, հայերէն տառերը չսիրելու, հայերէն խօսքը չգնահատելու, չկարեւորելու հետեւանք է: Այստեղ պետութիւնը պէտք է ոչ միայն խօսի պատիժի մասին, այլեւ իր վերաբերմունքը ցոյց տայ»,- ըսաւ Դաւիթ Գիւրջինեան:

Ներկայացնելով իր ծրագիրները՝ Գիւրջինեան նշեց, որ Լեզուի կոմիտէն առաջարկած է ստեղծել հայերէնի ընդհանուր ելեկտրոնային «տերմինարան» (եզրերու բառարան-Խմբ.): Ան նկատեց, որ վաղուց բառարանները չեն թարմացուած, եւ հազարաւոր բառեր անոնց մէջ չեն ընդգրկուած:

«Դա շատ կարեւոր ծրագիր է, եզրերու բառարարնի ելեկտրոնային տարբերակը թոյլ կը տայ պարբերաբար համալրել, նոր եզրեր աւելցնել: Տպագիրի պարագային, այդ հնարաւորութիւնը չկայ», ըսաւ Գիւրջինեան: