Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Պահանջէ Պաքուին Օգնութիւն Չտրամադրելու 907-րդ Բանաձեւի Պարտադիր Կիրարկումը

Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանի համաձայն, Պաքուի թափ առնող ռազմատենչութիւնը կը պահանջէ շեշտել 907-րդ բանաձեւը, յատկապէս` ատրպէյճանական բանակին որեւէ զինուորական կամ երկակի նշանակութիւն ունեցող ապրանքներու վաճառքը կանխելու տեսանկիւնէն:

«Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին, Արամ Համբարեանին հարցուցած են, թէ Հայ դատի յանձնախումբը ի՛նչ տպաւորութիւն ստացած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի Երեւան այցելութենէն եւ այդ ընթացքին  կատարուած յայտարարութիւններէն:

Ա. Համբարեան ներկայացուցած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի դիտարկումները` կապուած Քոնկրեսի կողմէ 1992-ին ընդունած «Ազատութեան աջակցութեան» հռչակագիրի 907-րդ լրացման հաւանական  փոփոխութեան մասին:

«Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը յամառօրէն կը պահանջէ 907-րդ ուղղմամբ սահմանուած սահմանափակումներու պարտադիր կիրարկումը (նաեւ` զինուորական օգնութեան հետ կապուած) Ալիեւի վարչակարգին նկատմամբ եւ Պաքուի մեծցող յարձակողապաշտ  պայմաններու մէջ կոչ կ՛ուղղէ Սպիտակ տան` դադրեցնելու այդ օրէնքը չկիրարկելու ընթացքը»,- ըսաւ ան:

Ըստ Արամ Համբարեանի, ատիկա չընելու պարագային Քոնկրեսին հարկ կ՛ըլլայ վերյիշել Սպիտակ տան շնորհուած օրէնքի չկիրարկման տխրահռչակ իրաւասութիւնը:

«907-րդ ուղղման պահանջներուն զուգահեռ մենք ուշի ուշով կը հետեւինք սպառազինութիւններու արտահանման վերահսկողութեան` կապուած երրորդ կողմերու միջոցով Ատրպէյճանին` վերջերս կատարած զինուորական գնումներու հետ»,- ըսաւ ան:

Տարիներ շարունակ ատրպէյճանական դիւանագիտութիւնը կը փորձէ այնպէս ընել, որ 907-րդ լրացումը չեղեալ նկատուի:

Խօսելով Ճոն Պոլթընի այցելութեան մասին` ան քանի մը նկատառում կատարեց: Նախ յիշատակեց այն, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի եւ արտաքին գործոց նախարարի Սեպտեմբեր 21-ի նամակներու ոճով, Պոլթընը ողջունեց Հայաստանի մէջ կատարուած խաղաղ, ժողովրդավարական, սահմանադրական անցումը:

«Առերեւոյթ դուրս մղելով Քլինթընի, Պուշի եւ Օպամայի վարչակազմերու  համար բարձր առաջնահերթութիւն նկատուող Արցախի տագնապի լուծումը` որպէս Ռուսիոյ ազդեցութիւնը շրջանին մէջ նուազեցնելու միջոց, Պոլթընը, գոնէ հրապարակայնօրէն, ընդգծեց Միացեալ Նահանգներու համար Արցախեան տագնապի լուծման օգուտները Իրանի մեկուսացման ուղղուած իր ջանքերուն մէջ: Մենք կրնանք  Արցախի հարցով ակնկալել դիւանագիտական տեղաշարժ, ինչ որ  հաւանաբար նախանշուեցաւ Արցախի տարածքի վերադարձին վերաբերեալ Հայաստանի մէջ դեսպանի իր առաքելութիւնը աւարտող Ռիչըրտ Միլզի անողոք յայտարարութեան մէջ: Միշտ պէտք է պատրաստ ըլլալ պատերազմի»,- ըսաւ Արամ Համբարեան:

Ան մատնանշեց` Պոլթընը յայտնեց Հայաստանին զէնք վաճառելու` Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութեան մասին, ինչ որ, ամենայն հաւանականութեամբ, տեղի կ՛ունենայ Ատրպէյճանին զէնք վաճառելու ծիրին մէջ:

Արամ Համբարեանի համաձայն, Պոլթընը նաեւ ազդարարեց Իրանի նկատմամբ խստագոյն պատժամիջոցներու գործադրութեան մասին` մեղմացնելով պատժամիջոցներու վերաբերեալ խօսակցութիւնը` շրջանային գործընկերները վնասելէ զերծ մնալու համար: