Ամերիկահայ Գործարարը Կը Ցանկայ Հայաստանի Մէջ Զբաղիլ Այգեգործութեամբ եւ Ձկնաբուծական Արտադրանքի Արտահանումով

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Գեղամ Գէորգեան Հոկտեմբեր 27-ին ընդունած է ամերիկահայ գործարար Մայք Պատալեանը, որ հետաքրքրուած է Հայաստանի գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ ներդրումներ կատարելու հեռանկարով:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան կապի բաժինը, հանդիպման սկիզբը գործարարը տեղեկացուցած է, որ ներկայիս աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ Արցախի գինեգործութեան ոլորտին մէջ` արտադրելով «Արբա» գինիներ եւ Հայաստանի մէջ եւս մտադիր է զբաղիլ այգեգործութեամբ:

Բացի այդ, Մայք Պատալեան նպատակ ունի իր լիբանանահայ գործընկերոջ հետ կազմակերպել հայկական գիւղմթերքի, մասնաւորապէս, ձկնաբուծական արտադրանքի արտահանում Լիբանան:

Ողջունելով Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու եւ գործարարութեամբ զբաղելու գործարարին հետաքրքրուածութիւնը` նախարարի պաշտօնակատար Գէորգեան համառօտ ներկայացուց գիւղատնտեսութեան ոլորտի ներդրումային դաշտի ներկայ վիճակն ու առաւել նպատակայարմար ուղղութիւնները, որոնց շարքին՝ այգեգործութիւնը, ջերմոցային տնտեսութիւններու հիմնումը, համեմատական (logistic) կեդրոններու ստեղծումը եւ այլն:

Տեղեկանալով Հայաստանի մէջ ընկուզենիի այգիներ հիմնելու հիւրի ցանկութեան մասին` նախարարի պաշտօնակատարը նշած է, որ նմանօրինակ նախաձեռնութեան իրականացման արդիւնքուվ՝ Կոտայքի մարզի Եղուարդ համայնքին մէջ արդէն իսկ հիմնուած են «Պեկան» տեսակի ընկուզենիի այգիներ, որոնք հայ-լիբանանեան լաւագոյն համագործակցութեան օրինակ կը հանդիսանան:

Քննարկուած են նաեւ դէպի Լիբանան հայկական գիւղմթերքի արտահանման  արդիւնաւէտ կազմակերպման, Հայաստանի ներդրումային քաղաքականութեան վերաբերող շարք մը այլ հարցեր:

Ամփոփելով հանդիպման արդիւնքները` Գեղամ Գէորգեան պատրաստակամութիւն յայտնած է հանգամանօրէն ուսումնասիրելու Հայաստանի մէջ ներդրումային իւրաքանչիւր առաջարկ եւ աջակցիլ բոլոր նախաձեռնութիւններուն, որոնք ուղղուած են Հայաստանի մէջ գիւղատնտեսութեան ոլորտի զարգացման: