Նախագահ Թրամփի Խորհրդական Ռուտոլֆ Ճուլիանի Կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

իացեալ Նահանգներու նախագահի խորհրդական, Նիւ Եորքի նախկին քաղաքապետ Ռուտոլֆ Ճուլիանի Երկուշաբթի, 22 Հոկտեմբերին, Ծիծեռնակաբերդ կատարած իր այցելութեան ընթացքին յայտարարեց, որ ինք կը ճանչնայ Հայոց Ցեղապանութիւնը իբրեւ պատմական փաստ:

Հարցուին, թէ արդեօք նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը պիտի է՞ ճանչնայ Հայոց Ցեղասապնութեան փաստը, Ճուլիանի պատասխանեց. ,Ես կը ճանչնամ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ անիկա պատմական փաստ է: Սակայն ես Ամերիկայի նախագահ Տանըլտ Թրամփի փաստաբանն եմ, եւ այստեղ ներկայ եմ իբրեւ անձ: Ուրեմն, Ամերիկայի վարչակազմը պէտք է որոշում կայացնէ այդ հարցին վերաբերեալե:

Նշենք, թէ Ճուլիանի կը համարուի Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական կուսակցութեան ազդեցիկ ներկայացուցիչներէն մէկը: Ան ութ տարի՝ մինչեւ 2001, Նիւ Եորքի քաղաքապետն էր: Յունուար 2017ին, նախագահ Թրամփ զայն նշանակեց ,սայպըրե անվտանգութեան գծով ոչ պաշտօնական խորհրդական:

Ճուլիանի Երեւան այցելեց ռուսահայ գործարար Արա Աբրահամեանի հրաւէրով:

Ճուլիանի Երեւանի մէջ, 22 Հոկտեմբերին հանդիպեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին Տօնոյեան Ճուլիանիին ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ ստեղծուած անվտանգութեան միջավայրը: