«Թուրքիոյ Լրատուական Դաշտը Խաւարի Մէջ է»

Աշխարհ

Թուրքիոյ մէջ գործող Ժամանակակից լրագրողներու միութիւնը այս տարուան Յուլիս–Սեպտեմբեր ամիսներուն մասին իր հերթական զեկոյցին մէջ հասած է այն եզրակացութեանոր երկրին լրատուական դաշտը խաւարի մէջ կը գտնուի, կը հաղորդէ “Էրմէնիհապեր”-ը:

Հոն կը շեշտուի, որ ապրիլ 2017-ին կայացած սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէէն եւ այս տարուան Յունիսին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Թուրքիոյ մէջ «բոլոր իրաւասութիւնները փոխանցուած են մէկ անձի, որ միաժամանակ իշխող կուսակցութեան նախագահն է»:

Զեկոյցին՝ «Սկզբունքներու ոտնակոխում եւ մենատիրութիւն» խորագիրով բաժինին մէջ ուշադրութիւն հրաւիրուած է այն հանգամանքին վրայ, թէ ինչպէ՛ս իշխանամէտ մամուլը կը փորձէ քօղարկել երկրին բնակչութեան վրայ ազդող տնտեսական ճգնաժամը՝ դէմ կենալով լրագրութեան բոլոր սկզբունքներուն:

Նաեւ քննադատուած է իշխանութեան վարած սխալ արտաքին քաղաքականութիւնը եւ այդ սխալները ծածկելու նպատակով՝ այլ երկիրները հանրութեան իբրեւ «սատանայ» ներկայացնելու ջանքը, մինչդեռ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ փրկիչ եւ «հրեշտակ»: