Ռոպերթ Քոչարեան Նոր Կուսակցութիւն Պիտի Ստեղծէ

Հայաստան

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարած է կուսակցութիւն ստեղծելու մտադրութեան մասին:

«Ես շատ լուրջ բաց կը տեսնեմ ընդդիմադիր դաշտին մէջ եւ կը կարծեմ, որ այդ բացը պէտք է լրացնել` յանուն երկրի շահերուն»,- ըսած է Ռոպերթ Քոչարեան «Ռիա Նովոսթի»-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ, կը հաղորդէ «Մետիամաքս»-ը:

Խօսելով յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին` նախկին նախագահը ընդգծած է, որ պարզապէս մասնակցելու ժամանակ չունի:

«Ես անկուսակցական էի: Ատիկա կը նշանակէ, որ ես պէտք է զերոյէն կուսակցութիւն ստեղծեմ, այլ ոչ թէ վերականգնեմ այն, ինչ որ եղած է: Եւ ես պիտի ցանկայի ընտրութիւններու մասնակցիլ նոր, թարմ կազմի հետ: Սովորաբար որո՞նք են առաջին քայլերը, երբ կը ցանկաս թիմ հաւաքել: Դու ուշադրութիւն կը դարձնես այն մարդոց վրայ, զորս կը ճանչնաս եւ շրջապատի վրայ, որուն հետ դուն շփուած ու աշխատած ես»,- նշած է Քոչարեան:

 Անոր խօսքով` միւս կողմէ, հաշուի առնելով առկայ իրավիճակը, անհրաժեշտ է ներգրաւել նոր, տաղանդաւոր, երիտասարդ եւ աշխոյժ մարդիկ:

 «Ոմանք, ի հարկէ, պէտք է ըլլան հին թիմէն` մարդիկ, որոնց կը ճանչնաս եւ որոնց հետ աշխատած ես: Սակայն, ի վերջոյ, անհրաժեշտ է հիմնուիլ նոր սերունդի վրայ, ինչ որ հեշտ չէ եւ ժամանակ կը պահանջէ»,- աւելցուցած է ան: