Չինաստան Յանձնեց Իր Նուիրած Շտապ Oգնութեան 200 Ինքնաշարժները

Աշխարհ, Հայաստան

Չինաստանի նուիրած շտապ օգնութեան 200 ինքնաշարժները յանձնելու հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ: Ներկայ էին Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, Հայաստանի մօտ Չինաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թիան Ըրլոնկ, Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Արսէն Թորոսեան եւ ուրիշներ:

«Այս առիթով կը յայտնեմ իմ ջերմագին շնորհաւորանքներս: Առողջապահութեան մարզը հայ-չինական համագործակցութեան կարեւոր մէկ մասը կը ներկայացնէ եւ չինական կողմը մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ Հայաստանի առողջապահութեան զարգացման: Պէտք է ըսել, որ շտապ օգնութեան այս 200 ինքնաշարժները մեծագոյն օժանդակութիւններէն մէկն է, զոր Չինաստան կը տրամադրէ միջազգային մակարդակի վրայ», ըսաւ Չինաստանի դեսպանը:

Դեսպանը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Չինաստանի միջազգային համագործակցութեան զարգացման հիմնադրամին, Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան եւ չինական կողմէն ծրագիրը իրականացուցած բոլոր պատասխանատուներուն:

«Հակառակ այն հանգամանքին, որ մեր երկու երկիրները հեռու կը գտնուին իրարմէ, մեր ժողովուրդներու բարեկամութիւնը դարերու պատմութիւն ունի: Չինաստանի աջակցութիւնը Հայաստանի կը տրամադրուի անշահախնդիր: Համոզուած եմ, որ Չինաստան եւ Հայաստան կը շարունակեն համագործակցութիւնը տարբեր մարզերու մէջ եւ հայ-չինական կապերը կ՛ըլլան յարատեւ եւ ամուր», աւելցուց դեսպանը: