Ուաշինկթընի Հետեւողական Պահուածքը Խնդրոյ Առարկայ Է

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազդակ»-ի խմբագրական

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին կատարած յայտարարութիւնը թէ՛ պատմական եւ թէ՛ քաղաքական ու իրաւական տուեալներով կարելի է հակափաստարկել: Բնականաբար նաեւ շատ համոզիչ ձեւերով պարզել, թէ ինչո՛ւ այդ մասին քննարկումներ չկան հայկական դաշտին մէջ, երբ յատկապէս ի սպառ կը բացակային քննարկումները Պաքուի մէջ անցեալին վերադարձը բացառելու եւ Արցախի ժողովուրդի կամարտայայտութեան փաստին հետ հաշուի նստելու: Որուն համար զարմանք չի յայտներ ամերիկացի դիւանագէտը:

Այժմ առանց իրաւաքաղաքական կամ պատմաքաղաքական հակափաստարկներու վրայ կեդրոնանալու, նկատենք, որ ամերիկացի դիւանագէտը նման տեսութիւն կը ներկայացնէ իր պաշտօնաթողութեան առիթով: Դեսպան Միլզ բաւական ժամանակ ունէր իր պաշտօնավարութեան ժամանակ իր համոզումով այդ անխուսափելիութեան մասին խօսելու:

Ամերիկացի պաշտօնաթող դիւանագէտը հիմնականին մէջ հակասութիւն ունի իր գերատեսչութեան` պաշտօնական Ուաշինկթընի հետ ընդհանրապէս:

Ամերիկացի դեսպանը կը ներկայացնէ պետութիւն մը, որ ներգրաւուած է արցախեան հակամարտութեան խաղաղ բանակցութիւններու ճամբով լուծման համար միջնորդական առաքելութեան միջազգայնօրէն ընդունուած եւ հաստատուած ձեւաչափին մէջ, իբրեւ համանախագահող պետութիւն: Ուրեմն յատկապէս ռուս, ֆրանսացի եւ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարները արցախեան հակամարտութեան մասին խօսելու ընթացքին դիւանագիտական խախտում պէտք չէ կատարեն իրենց ներկայացուցած երկրին օգտագործած բառապաշարէն, եզրաբանութենէն, հարցերու մօտեցման եղանակէն, ըսելաձեւերէն: Ծայրագոյն նրբութիւն կը ցուցաբերեն արհեստավարժ դիւանագէտները նման զգայուն խնդիրներու պարագային շեշտադրումներու, ներկայացուած հայեցակարգերու կէտերու առաջնահերթութիւններու առումով` պահելու համար ներդաշնակութիւնը ո՛չ միայն իրենց պետութեան պաշտօնական տեսակէտներուն, այլ նաեւ այս պարագային համանախագահութիւնը ստանձնած միւս երկիրներուն:

Իսկ այս առումներով օրինաչափ  եւ ոչ անպայման իրաւաչափ  պիտի նկատուէր, եթէ դեսպան Միլզը խօսէր ոչ թէ «տարածքներ խաղաղութեան դիմաց» բանաձեւի, այլ փոխզիջումնային սկզբունքի հիման վրայ մինչ այդ օգտագործուող «տարածքներ կարգավիճակի դիմաց» քննարկուող տարբերակի մասին: Այդ պարագային ան ամփոփ ձեւով ակնարկած կ՛ըլլար մատրիտեան (թէկուզ նորացուած) սկզբունքներուն, որոնց շուրջ քննարկումներ ծաւալելու միջնորդական առաքելութիւնը կ՛իրականացնէր նաեւ Ուաշինկթընը` Փարիզի եւ Մոսկուայի կողքին:

Պէտք է յետադարձ հայեացքով որոնել, թէ վերջին անգամ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը   ե՞րբ օգտագործած  է «գրաւեալ» բառակապակցութիւնը` իրողապէս արցախապատկան տարածքները բնութագրելու համար:

Դեսպան Միլզը պիտի իմանար մանաւանդ, որ մինչեւ այս պահը, յատկապէս ապրիլեան ազրպէյճանական յարձակողապաշտութեան պատճառով սառեցուած են բովանդակային բանակցութիւնները եւ նոյնինքն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակով բանակցութիւնները կեդրոնացած են հրադադարի երաշխաւորման համար շփման գիծը վերահսկելի դարձնելու, զայն մշտադիտարկման գործողութիւններու համար յագեցած գործիքակազմով օժտելու եւ անոնցմէ անդին` հրադադարի խախտումի դէպքերը հետաքննելու առաջադրանքներուն վրայ: Այս բոլորը թէ՛ Վիեննայի, թէ՛ Ս. Փեթերզպուրկի եւ թէ՛ Ժընեւի մէջ:

Ամերիկացի պաշտօնաթող դիւանագէտը այս բոլորին իրազեկ է. մանաւանդ որ ինք նախքան երեւանեան իր առաքելութեան ստանձնումը ղեկավարած է ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան կովկասեան բաժանմունքը` Լիբանանի մէջ փոխդեսպանի պաշտօնը ստանձնելէն առաջ:

Իրազեկ էր, բայց թոյլ տուած է դիւանագիտական ասպարէզի լրջագոյն խախտում: Այլ տրամաբանութեամբ եւ այլ հարցով, ոչ շատ կանուխ ժամանակին, Երեւանի մէջ պաշտօնավարած ամերիկացի դեսպան Էվընզը, պաշտօնաթողութեան նախօրեակին Ցեղասպանութիւն բառեզրի օգտագործումով շեղում կատարեց իր ներկայացուցած պետութեան արտաքին քաղաքականութեան հայեցակարգային մօտեցումներէն: Ըստ էութեան այդ յայտարարութիւնը պատճառ դարձաւ անոր պաշտօնազրկման:

Ուաշինկթընը այս առումով հետեւողականութիւն դրսեւորելու եւ արժեչափի բազմակիութիւն բացառելու հրամայականին դիմաց է: