Նիկոլ Փաշինեան Յոյս Ունի, որ Նախընտրական Շրջանին Կառավարութիւնը Աւելի Արդիւնաւէտ Պիտի Աշխատի

Հայաստան

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան յոյս ունի, որ նախընտրական շրջանին կառավարութիւնը իր աշխատանքի տրամաբանութիւնը չի փոխեր, հակառակը՝ աւելի անմիջական եւ արդիւնաւէտ պէտք է դառնան գործադիրին աշխատանքները: «Գիտէք, որ մենք կը նախապատրաստուինք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու եւ քաղաքական իրավիճակները հասկնալիօրէն աշխատանքի եւ տրամադրութիւններու վրայ որոշակի ազդեցութիւն կ՝ունենան: Կ՝ուզեմ յուսալ, որ այս ընթացքին կառավարութիւնը իր աշխատանքի տրամաբանութիւնը չի փոխեր, հակառակը, աւելի անմիջական եւ արդիւնաւէտ պէտք է դառնան մեր աշխատանքները, որովհետեւ նախընտրական փուլ կը թեւակոխենք: Բայց միւս կողմէ այս ժամանակը պէտք է արդիւնաւէտ օգտագործել նաեւ յետագայ աշխատանքներու կազմակերպման, առաւել արդիւնաւէտ մակարդակի հասնելու համար»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան՝ ըստ Armenpress.am-ի:

Փաշինեանի կարծիքով՝ օգտուելով այն առիթէն, որ պետական կառավարման համակարգը որեւէ կերպ պէտք չէ ներգրաւուած ըլլայ նախընտրական գործընթացներուն մէջ՝ ասիկա շատ լաւ ժամանակաշրջան է առաւել հանգիստ պայմաններու մէջ աշխատելու համար: «Յոյս ունիմ, որ մեր կառավարութեան եւ պետական կառավարման համակարգի յատկապէս այն հատուածը, որ քաղաքականացուած չէ եւ պէտք չէ ըլլայ քաղաքականացուած՝ այս ժամանակը պիտի օգտագործուի կառուցողական նպատակներով»,- ըսած է վարչապետի պաշտօնակատարը: