Նոր Շունչով

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Գէորգ Թորոյեան

Հայաստանի մէջ ապրիլեան համաժողովրդային տարերային շարժումը, որ տապալեց իշխանութիւնները, նոր փուլ մը բացաւ հայաստանեան քաղաքական դաշտին մէջ եւ նոր պատասխանատուութիւններու առջեւ դրաւ քաղաքական այրերն ու երկիրին մէջ գործող քաղաքական ուժերը` կուսակցութիւնները:

Համաժողովրդային շարժումը Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններով եկաւ ապացուցելու, որ պահի շարժում չէր: Ան ամբողջապէս զօրավիգ է այդ շարժումը առաջնորդած ու ղեկավարած ուժին:

Սակայն պէտք է ընդունիլ, որ համաժողովրդային այս յեղափոխութեան իբրեւ արդիւնք` Հայաստանի մէջ ստեղծուեցաւ նաեւ սահմանադրական անբնական կացութիւն մը: Խորհրդարանին մէջ գոյութիւն ունեցող երեսփոխանական փոքրամասնութիւնը անցաւ իշխանութեան, իսկ մեծամասնութիւնը որոշակիօրէն մասնակցեցաւ այդ իշխանութեան ձեւաւորման եւ խորհրդարանին մեծամասնութեան մէկ հատուածը դարձաւ եւ իշխող կառավարութիւն եւ միաժամանակ ներքնապէս մնաց ընդդիմութիւն:

Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններէն ետք այս հակասութիւնը նոր բնոյթ ստացաւ, երբ գործող վարչապետը որոշեց յառաջիկայ դեկտեմբերին կատարել արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ, իսկ խորհրդարանին մեծամասնութիւնը որոշեց մերժել այս որոշումը: Կառավարութիւն եւ խորհրդարան մտան քաղաքական եւ սահմանադրական նոր անելի մը մէջ, որուն, սակայն, հանգուցալուծման փուլի մը սկիզբ դրուեցաւ, երբ ԲՀԿ-ն բանակցութիւններէ ետք յայտարարեց, որ համաձայն է վարչապետ Փաշինեանի` դեկտեմբերին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու որոշումին:

Ի՞նչ էին քաղաքական այս անելին դրդապատճառները:

Յեղափոխութիւնը իրագործած թեւին բնական իրաւունքն է ունենալ իշխանութեան ամբողջական կարողութիւն, որպէսզի կարենայ քաղաքական իր ծրագիրները եւ երկիրին մէջ բարեփոխումները իրագործել: Ոգեւորութեան ընդհանուր մթնոլորտին մէջ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններու արդիւնքները ապացուցեցին, որ ժողովուրդը միմիայն հրապարակներուն վրայ չէ, որ անոր կողքին է, այլ նաեւ իր քաղաքական մասնակցութեամբ կը վստահի կը բերէ իր քաղաքական մասնակցութիւնը: Հետեւաբար ան օր առաջ պիտի ուզէ ժողովրդային այս վստահութեան չափը օգտագործել` նոր ընտրութիւններով ձեւաւորուելիք խորհրդարանին մէջ կարենալ դառնալու համար մեծամասնութիւն եւ յառաջ մղել բարեկարգումներու իր ծրագիրները: Վարչապետ Փաշինեանին այս մօտեցումը կը բացատրուի իբրեւ մենատիրական հակումներու արտայայտութիւն: Կայ նաեւ տեսակէտ, որ ժողովրդավար երկիրներու մէջ անգամ գործող կառավարութիւնները խորհրդարանին մէջ կ՛ունենան մեծամասնութիւն:

Միւս կողմէ` քաղաքական կուսակցութիւններէն ոմանք, որոնք պարտութիւն կրեցին Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն, կը փորձեն իրենց գրաւը դնել ժամանակի գործօնին վրայ: Համոզուած ըլլալով, որ Փաշինեանին կառավարութիւնը սխալներ պիտի գործէ, եւ ժողովուրդը  յուսախաբութիւն պիտի ապրի, ուստի անոր վարկանիշը անկում պիտի կրէ, ինչ որ պիտի նպաստէ իրենց դիրքերու ամրապնդման: Սակայն քաղաքական կուսակցութիւնները պէտք է հասկնան, որ իրենք խնդիր ունին ժողովուրդին հետ եւ ոչ թէ` Փաշինեանի անձին հետ: Փաշինեանը անցեալը բացարձակ կերպով մերժելու ժողովրդային ցասումը մարմնաւորող արտայայտիչն է, որ կրնայ իր հերթին փուլ մը ըլլալ: Քաղաքական ուժերը պէտք է ըստ արժանւոյն գնահատեն կատարուած հոգեբանական փոփոխութիւնը: Անոնք պէտք է դուրս գան անցեալին վերադառնալու կամ անցեալը կրկնելու վիպապաշտութենէն: Կարելի չէ պատմութեան անիւը ետ տանիլ, իսկ ժողովուրդը դիտել իբրեւ ամբոխ` մեծագոյն սխալն է, որ կը կատարեն Հայաստանի քաղաքական որոշ ուժեր: Քաղաքական մեկնաբան մը ճիշդ դիտարկում կատարեց, երբ վերջերս ըսաւ, որ գործող խորհրդարանին մեծամասնութիւնը պէտք չէ երթայ այնպիսի քայլի, որ ժողովուրդը վերածուի ամբոխի: Որովհետեւ այն ժամանակ ո՛չ ոք կրնայ զսպել զայն, եւ անոր հետեւանքները կրնան աղէտալի ըլլալ մեր երկիրին համար:

Խոհեմութիւնը կը թելադրէ, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները կատարուին հանդարտ մթնոլորտի մէջ: Փաշինեանը պէտք չէ կրկնէ Հանրապետական կուսակցութեան սխալները: Ան պէտք է ջանայ մրցակցային մթնոլորտ ստեղծել, որպէսզի քաղաքական առողջ ընդդիմութիւն ձեւաւորուի եւ երկիրը թեւակոխէ ժողովրդավարացման եւ ազատութիւններու բնականոն փուլ:

Միւս կողմէ` քաղաքական ուժերը Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններէն ետք ամէն ինչ կորսնցըելու սարսափը կ՛ապրին: Անոնք յաջողութեան հասնելու համար առաջին հերթին պէտք է վերակազմակերպուին: Նոր ժամանակներ են: Կը պահանջուին նոր մօտեցումներ, նոր աշխատելաոճ:

Վստահաբար քաղաքական այս նոր հորիզոնին վրայ մեծ դեր վերապահուած է հայրենի մտաւորականութեան, որ անկախութենէն ի վեր  իշխող վերնախաւին կողմէ դատապարտուած էր լռութեան: Ազգային հակումներով մտաւորականութիւնը պէտք է հանդէս գայ ի շահ ժողովուրդին` ուրուագծելով մեր երկիրին քաղաքական, տնտեսական, ընկերային հարցերուն լուծումներով, ինչպէս նաեւ` ազգային արժէքներու համակարգի վերանորոգման ուղիները բանալով, որպէսզի կարելի ըլլայ հոգեբանական փոփոխութիւնները փոխադրել որակական փոփոխութեանց դաշտ: Բարեբախտաբար պէտք է արձանագրել, որ այս իմաստով նշոյլներ սկսած են երեւիլ:

Նոր շունչ մը կայ Հայաստանի մէջ: Ազգովին կը գտնուինք նոր փուլի մը սեմին: