Հայաստանը կը Թեւակոխէ Պատմական Շրջափուլ. Նիկոլ Փաշինեան Երեկոյեան Հանդէս Պիտի Գայ Յայտարարութեամբ

Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Հոկտեմբեր 16-ի երեկոյեան, հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կառավարութեան այսօրուան նիստին յայտարարած է ՀՀ վարչապետը:

«Հայաստանը կը թեւակոխէ պատմական շրջափուլ, որուն արդիւնքներով պէտք է աւարտին հասցնենք գարնան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ոչ բռնի, թաւշեայ ժողովրդական յեղափոխութիւնը: Բայց այդ մասին ես աւելի յստակ յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գամ այսօր երեկոյեան»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

Կ՝ակնկալուի, որ այսօր, ՀՀ վարչապետը յայտարարէ հրաժարական տալու մասին, որուն իբրեւ արդիւնք պէտք է իրականացուին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ: