Ղարաբաղը Հայկական Հող է, Ալ Ի՞նչ Վիճելի Հարց Կրնայ Ըլլալ. Սուրիոյ Հոգեւոր Առաջնորդ

Աշխարհ

Սուրիոյ հոգեւոր առաջնոր, շէյխ Ահմատ Պատր ատ-տին Հասսուն Սուրիոյ եւ աշխարհի միւս թէժ կէտերուն վերաբերող նիւթին շուրջ ռուսական լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցի ընթացքին խօսած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մասին, կը հաղորդէ shantnews.am-ը։

Ան նշած է, որ շրջաններ կան, ուր շատոնց պէտք է լուծուած ըլլար տարածքային պատկանելիութեան հարցը, եւ ատոնցմէ մէկը Ղարաբաղն է:

«Չեմ հասկնար, թէ ինչն է այստեղ վիճելի: Անձամբ ես կ՛աջակցիմ Ղարաբաղին եւ այդ ժողովուրդի անկախութեան ու ազատութեան ձգտումներուն: Ու նորէն կ՛ուզեմ շեշտել, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան պատճառը կրօնական չէ:

«Պատճառը ժողովրդի կամարտայայտութիւնն է, եւ ասոր հետ կարելի չէ հաշուի չնստիլ»,- նշած է Սուրիոյ հոգեւոր առաջնորդը:

Սուրիոյ հոգեւոր առաջնորդը առաջին անգամ իր տեսակէտը Ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ յայտնած էր 2011 թուականին` Սուրիոյ կրօնական փոքրամասնութիւններու հետ հանդիպման ժամանակ: