Ատանայի` Ներկայիս Մզկիթի Վերածուած Սուրբ Յակոբ Հայկական Եկեղեցին ԿԸ Շարունակէ Շլացնել Իր Գեղեցկութեամբ. Թուրք Լրատուամիջոցին Անդրադարձը

Աշխարհ, Էրկիր

Թրքական «Անատոլու» պետական լրատուական գործակալութիւնը անդրադարձած է ժամանակին Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ, իսկ ներկայիս մզկիթի վերածուած Ատանայի (պատմական Դաշտային Կիլիկիոյ մէջ) Եաղ (Եուղի) կամ Ուլու մզկիթի պատմութեան: Այդ մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը:

Աղբիւրին փոխանցմամբ` ներկայիս Թուրքիոյ Հանրապետութեան Չոքուրովա նահանգի Սեյհան շրջանի գաւառապետ Հասան Հիւսէին Կիւլլերը, «Անատոլու» գործակալութեան թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին շեշտելով, որ սոյն մզկիթը նախկապէս եղած է Սուրբ Յակոբ հայկական եկեղեցին, յայտնած է նաեւ, որ անիկա մզկիթի վերածուած է 1501-ին, տուեալ ժամանակաշրջանի իշխանութիւններու հրամանով, եւ ատկէ 7 տարի անց կառուցուած է արեւմտեան կողմի մինարէն:

Նոյն գործակալութեան թղթակիցին հարցազրոյց տուած է նաեւ այդ մզկիթի իմամ Էնես Էսերը, որ իր հերթին հաղորդած է, թէ տուեալ վայրը եղած է մահմետական հոգեւոր կեդրոն, եւ որ մզկիթի յաւելեալ տարածքը կառուցուած է 57 տարի ետք:

Էսեր նաեւ յայտնած է, որ եկեղեցւոյ հատուածին մէջ 2003-ին կատարուած պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած են գետնուղի եւ ջրհորներ, ու աւելցուցած. «Երբ եկեղեցիին կից մզկիթի համար նախատեսուած շինութիւններ կառուցուած են, բացուած են նաեւ մետրեսեներ (իսլամական ուսումնականհաստատութիւն-ակունքի խմբ.): Կառոյցը եւ բակը ընդարձակ են: Այս վայրը առաւելապէս օգտագործուած է որպէս հոգեւոր կեդրոն: Ըստ էութեան, անիկա կրնանք համարել նաեւ փոքր համալսարան»: