ֆրանսական RFI Ձայնասփիւռի Կայանը Քանի Մը Օր Հայերէն Պիտի Խօսի

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

«RFI-ը կը խօսի հայերէն»․ Հոկտեմբեր 7-12 Հայաստանի մէջ իրականացուող Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովին ծիրէն ներս՝ ֆրանսական RFI ձայնասփիւռի կայանը մինչեւ գագաթնաժողովի աւարտը կը խօսի հայերէն։ Այս մասին կը հաղորդէ Panorama.am-ը։

Հայերէն հաղորդումը կը հեռարձակուի 19․10-ին ու 22․10-ին՝ 15 վայրկեանով, 102․4 յաճախականութեամբ։ Հաղորդման հեղինակն ու վարողն է RFI-ի հայ լրագրող Ելենա Գաբրիէլեան։

Հայերէն հաղորդման ընթացքին Ելենա Գաբրիէլեան կը ներկայացնէ Երեւանի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովին վերաբերեալ տեղեկութիւններ, թէ ինչպէս ֆրանսերէն լեզուն, մշակոյթը կրնան փոխել կեանքը։

Նշենք, որ RFI ձայնասփիւռի կայանը Երեւանի մէջ կը հեռարձակուի 102.4 FM յաճախականութեամբ 1995-էն ի վեր՝ ֆրանսերէն ու ռուսերէն լեզուներով։