Ֆրանսախօս Երկիրներու Նախարարական Համաժողովը Իր Աշխատանքը Սկսաւ Մէկ Վայրկեան Լռութեամբ

Աշխարհ, Հայաստան

Ֆրանսախօս երկիրներու ձեռնարկներուն ծիրէն ներս մեկնարկած է Նախարարական համաժողովին նիստը: Ըստ Armenpress.am-ի՝ Հոկտեմբեր 8-ի համաժողովին կը մասնակցին Ֆրանսախօս երկիրներու անդամ արտաքին գործոց նախարարները:

«Հայաստանը ուրախ է ձեզ հիւրընկալելու համար: Ասիկա մեծ պատիւ է Հայաստանի համար: Միեւնոյն ժամանակ մեծ պատասխանատւութիւն, որ Հայաստանը կը վերցնէ իր վրայ»,- նշած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան:

Նախարարները իրենց աշխատանքային խորհրդակցութիւնը սկսած են մէկ վայրկեան լռութեամբ:

«Կը խնդրեմ՝ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել Շառլ Ազնաւուրի յիշատակը՝ մեծ ֆրանսացիի, մեծ հայու, մեծ քաղաքացիի»,- ըսած է Մնացականեան:

Նախարարական համաժողովը պիտի ընդունի ՖՆՀ-ի նախորդ նստաշրջանի զեկոյցին նախագիծը, տեղի պիտի ունենան տարբեր քննարկումներ ու պիտի կայացուին որոշումներ: Համաժողովը իր աշխատանքները կ՝իրականացնէ դռնփակ:

Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 8-9 Երեւանի մէջ պիտի իրականացուի ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 35-րդ նախարարական համաժողովը: Հոկտեմբեր 9-ին՝ ազատութեան հրապարակին վրայ՝ նախատեսուած է ֆրանսախօս երկիրներու աւանի պաշտօնական բացումը: Ֆրանսախօս երկիրներու աւանին մէջ գագաթնաժողովին մասնակից երկիրները, ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գործընկերներն ու գործակալութիւնները հնարաւորութիւն պիտի ունենան ցուցադրելու իրենց երկիրներու մշակութային եւ լեզուական ողջ բազմազանութիւնը: Պիտի ներկայացուին արհեստագործական իրեր, մասնակից պետութիւններու զբօսաշրջային հնարաւորութիւնները, արուեստի, մշակոյթի գործեր, ինչպէս նաեւ ազգային խոհանոցը: Բացման համար նախատեսուած են ելոյթներ, երաժշտական կատարումներ, այց ֆրանսախօս երկիրներու աւանի տաղաւարներ: