Ազնաւուրեան Յուզիչ Մթնոլորտ` Պուրճ Համուտի Հրապարակին Վրայ

Սփիւռք

Անցնող 3-4 օրերուն Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ եւ քաղաքի զանազան թաղամասերու շէնքերուն տեղադրուած էին համաշխարհային երգիչ Շառլ Ազնաւուրի պատկերները:

Յատկանշական էր նաեւ, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ Շառլ Ազնաւուրի վերջին հրաժեշտի եւ յուղարկաւորութեան օրերուն սփռուեցան ազնաւուրեան երգեր: