Ախալցխայի Մէջ Շարլ Ազնաւուրի Նախնիներու Շիրիմին Մօտ Տեղի Ունեցաւ Հոգեհանգիստի Արարողութիւն

Սփիւռք

Այսօր` Հոկտեմբեր 5-ին Ախալցխայի հայկական գերեզմանատան մէջ Շառլ Ազնաւուրի նախնիներու շիրիմին մօտ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, զոր կատարեց Ախալցխայի հոգեւոր տեսուչ Տէր Յակոբ Աբեղայ Սահակեան: Մարդիկ ծաղիկներ խոնարհեցին Ազնաւուրի նախնիներու շիրիմին, կը հաղորդէ Սամցխէ-Ջաւախքի Մեդիա վերլուծական կեդրոնը։

Ախալցխայի հասարակութեան հետ միասին հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ էր նաեւ Վրաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր Գիորգի Կոպաձէն: Պատգամաւորը իր խօսքին մէջ նշեց, որ Ազնաւուրի կորուստը ցաւ է ոչ միայն հայ ժողովուրդին համար, այլեւ վրաց ժողովուրդի: Ան նաեւ խոստացաւ, որ քաղաքապետարանին մէջ պատգամաւորներու հետ միասին պիտի առաջարկէ Ախալցխայի մէջ Շառլ Ազնաւուրի անունով փողոց անուանուի:

Արարողութեան ներկայ գտնուելու համար Ախալցխայ  ժամանած էին նաեւ յարակից գիւղերու բնակիչներ: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք Ծղալթբիլայի հայկական դպրոցի աշակերտները կարդացին մեծն երգիչին բանաստեղծութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղացի բանաստեղծ Մինաս Գրիգորենցի նոր բանաստեղծութիւնը՝ նուիրուած Շառլ Ազնաւուրին: