«Աւրորա» Մարդասիրական Նախաձեռնութեան Համահիմանդիրները Ազնաւուրի Յիշատակին Կրթաթոշակ Պիտի Տրամադրեն

Աշխարհ, Սփիւռք

 «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմանդիրներ Նուբար Աֆէյեան, Վարդան Գրիգորեան եւ Ռուբէն Վարդանեան ցաւակցական ուղերձ յղած են աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի մահուան առիթով եւ յայտարարած, որ իր յիշատակ Շառլ Ազնաւուրի Ռրախտագիտութեան կրթաթոշակ պիտի տրամադրեն Ֆրանսայէն կամ ֆրանսախօս երկիրներէն ուսանողներու՝ հնարաւորութիւն տալով անոնց ուսանելու  UWC Դիլիջան միջազգային դպրոցին մէջ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք ցաւակցական ուղերձը.

«Շառլ Ազնաւուրը կը ներկայացնէր հայ մարդու պատմութիւնը: Ըլլալով փախստականներու զաւակ` ան դարձաւ համաշխարհային կուռք, որ իր երաժշտութեամբ եւ բնոյթով մարդկայնութեան եւ մարդասիրութեան ուղերձներ կը յղէր համայն աշխարհին:

Անոր հմայքը, մարդու նկատմամբ անկեղծ սէրը անոր յայտնի դարձուցին ողջ աշխարհին: Մենք կը յիշենք զինք այն ամէնի համար, ինչ որ տուաւ մեզի` սէր, եռանդ, մենք մեզի մեր եւ մեր մերձաւորներու նկատմամբ հաւատք: Ան տարածեց այս ամէնը` իբրեւ դերասան եւ երգիչ, իբրեւ մարդասէր եւ բարերար: Ան երբեք չէ մոռցուած` առյաւէտ մնալով մեր սրտերուն մէջ:

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան առաջին իսկ օրուընէ Ազնաւուր մեր կողքին էր` դառնալով «Աւրորա» մրցանակի շնորհման 2016-ի եւ 2017-ի արարողութիւններու ամենակարեւոր մասնակիցներէն մէկը: Ի յիշատակ Ազնաւուրի, «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը ամենամեայ նոր կրթաթոշակ պիտի տրամադրէ` որպէս Երախտագիտութեան կրթաթոշակ: Այս  կրթաթոշակները կը տրուին ի երախտիք  աւելի քան հարիւր տարի առաջ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն հայերուն ապաստան ու սնունդ տուած երկիրներու ժողովուրդներուն: Ազնաւուր այն մարդոցմէ էր, որ Ֆրանսայի մէջ ստացաւ ապաստան եւ փառքի հասաւ:

Շառլ Ազնաւուրի անուան ամենամեայ կրթաթոշակը Ֆրանսայէն կամ ֆրանսախօս երկիրներէն ուսանողներուն հնարաւորութիւն պիտի տայ սորվելու  UWC Դիլիջան միջազգային դպրոցին մէջ: Այս կրթաթոշակը պիտի միաւորէ Ազնաւուրի երկու հայրենիքները` Հայաստանն ու Ֆրանսան, եւ մեզի ալ պիտի տայ հնարաւորութիւն փառաւորելու այդ կապերը եւ շարունակելու երախտապարտ ըլլալ Ազնաւուրին՝ սերունդներ շարունակ»: