Ալիեւ Յանձնարարած Է Շփման Գիծին Վրայ Աւելի Լայնօրէն Կիրարկել Յատուկ Թեքնիք Միջոցներ

Աշխարհ

Տուշանպէէն վերադառնալէ ետք Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ համաձայնած են երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններուն յանձնարարել, որ յստակ քայլերու ձեռնարկեն սահմանին վրայ լարուածութիւնը նուազեցնելու համար:

Սակայն շաբաթ օր` այս համաձայնութենէն ետք, Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով ծառայողական խորհրդակցութիւն ունեցած է ազրպէյճանական բանակի հրամանատարական կազմի հետ եւ ներկայացուցած Ալիեւի յանձնարարականները, որոնք հիմնուած են առաջին գիծի իրավիճակի վերջին վերլուծումներուն վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թրենտ»-ը:

Ալիեւ յանձնարարած է աւելի լաւ ռազմական հերթափոխ կատարել եւ յատուկ թեքնիք միջոցներ աւելի լայնօրէն կիրարկել շփման գիծին վրայ` անձնակազմի անվտանգութեան առաւելագոյն ապահովման համար: