Երեւանի Մէջ Պիտի Բացուի Երկրորդ «Քարֆուր» Հանրախանութը

Աշխարհ, Հայաստան

Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովի ձեռնարկներու ծիրէն ներս Երեւանի մէջ պիտի բացուի «Քարֆուր» ցանցի երկրորդ հանրախանութը: Այս մասին Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթ:

Դեսպանը յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ ֆրանսական ներդրումները կ’աւելանան: «Ֆրանսական ներդրողները իրենց հետ կը բերեն ոչ միայն ներդրումներ, այլեւ հմտութիւն, բարոյագիտութիւն, հասարակական պատասխանատւութիւն: Յոյս ունինք, որ Հայաստանի մէջ 2018 թուականին տեղի ունեցած քաղաքական եւ դիւանագիտական իրողութիւններուն շնորհիւ ներդրումները կ’աւելանան»,-«Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` ըսած է ան:

Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովի ընթացքին տեղի պիտի ունենան նաեւ գործարար համաժողով, որու ծիրէն ներս շարք մը ֆրանսական կազմակերպութիւններ պիտի գան Հայաստան:

Երկրորդ «Քարֆուր» հանրախանութը պիտի բացուի  Տիգրան Մեծ փողոցի` Մեթրոյի «Զօրավար Անդրանիկ» կայարանին մօտ:

Ֆրանսական «Քարֆուր» (Carrefour) հանրախանութներու ցանցի առաջին խանութը Երեւանի մէջ պաշտօնապէս բացուեցաւ 2015-ի Մարտ 11-ին` «Երեւան մոլ»-ի մէջ: