Ռուսիոյ Յայտնի Կանայք Աննա Յակոբեանի Նախաձեռնութեամբ Արցախ Պիտի Մեկնին

Աշխարհ, Հայաստան

Հոկտեմբեր 5-7 կը նախատեսուի ռուս մէկ տասնեակէ աւելի կանանց այցը Հայաստան եւ Արցախ` ՀՀ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանի նախաձեռնած «Կանայք յանուն խաղաղութեան» արշաւի ծիրէն ներս:

Խումբին մէջ ընդգրկուած են Ռուսիոյ հասարակական-քաղաքական, մշակոյթի, մարզական, գրական, լրատուական ոլորտներու ականաւոր գործիչներ, կը յայտնէ Աննա Յակոբեանի գրասենեակի մամուլի ծառայութիւնը:

Անոնք Երեւան պիտի ժամանեն Հոկտեմբեր 5-ին, իսկ Հոկտեմբեր 6-ին Աննա Յակոբեանի ուղեկցութեամբ պիտի մեկնին Արցախ, ուր առաջնագիծէն խաղաղութեան իրենց ուղերձը պիտի յղեն հակամարտութեան բոլոր կողմերուն:

Աննա Յակոբեան «Կանայք յանուն խաղաղութեան» արշաւ ձեռնարկելու իր նախաձեռնութեան մասին առաջին անգամ յայտարարած է Յուլիս 24-ին` Մոսկուայի մէջ:

Նախապէս «Կանայք յանուն խաղաղութեան» արշաւի մասին խօսելով Յակոբեան ըսած էր. «Ես յոյս ունիմ, որ ձեր ձայնը եւ մեր ձայնը հասնի նաեւ ատրպէյճանցի մայրերուն, եւ անոնք նոյնպէս խօսին ընդդէմ պատերազմի եւ յանուն խաղաղութեան: Եւ եթէ ատիկա տեղի ունենայ, մեր շարքերը համալրուին, օր մը անպայման մեր խօսքը պիտի հասնի նաեւ կրակի հրաման տուող եւ պատերազմ սկսիլ-չսկսելու մասին որոշում կայացնող տղամարդոց»: