ՀՀ Վարչապետը Նիւ Եորքի Մէջ Հանդիպած է ԱՄՆ-ի Հայկական Համայնքի Ներկայացուցիչներու Հետ

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Սեպտեմբեր 23-ին, Նիւ Եորքի մէջ, հանդիպած է տեղի, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ այլ հայաշատ համայնքներու ներկայացուցիչներու հետ։ Այս մասին, դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ վարչապետի մամուլի խօսնակ Արման Եղոյեան:

«Վարչապետը հանդէս եկած է ելոյթով եւ պատասխանած ներկաներու հարցերուն՝ անդրադառնալով հայաստանեան ներքաղաքական զարգացումներուն, Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու արդիւնքներու քաղաքական նշանակութեան, անցումային արդարադատութեան, մեծ հայրենադարձութեան, Հայաստանի մէջ ներդրումային միջավայրին առնչուող թեմաներուն, ինչպէս նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի կարգաւորման համար անհրաժեշտ պայմաններուն»,- գրած է Արման Եղոյեան։