Հայ Դատի Պատուիրակութիւնը Քննեց Արդի Արհեստագիտութեան Մարզին Մէջ Հայաստանի Հետ Գործակցելու Կարելիութիւնները

Հայաստան, Սփիւռք

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ վերջերս Հայաստան այցելած՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային եւ տեղական մարմիններէ, ինչպէս նաեւ գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը, Սեպտեմբեր 11ին հանդիպում մը ունեցած է փոխադրութեան, հաղորդակցութեանց եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց առաջին փոխնախարար Յակոբ Արշակեանի հետ, քննելով յատկապէս արդի արհեստագիտութեան մարզին մէջ Հայաստանի եւ Քալիֆորնիոյ միջեւ գործակցութիւնը սերտացնելու կարելիութիւնները:

Հանդիպման ընթացքին, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ ողջունած է Հայաստանի երիտասարդ նոր կառավարութեան կազմութիւնը՝ խոստանալով նեցուկ կանգնիլ Հայաստանի ձեռնարկութիւններուն, յատկապէս անոնց, որոնք կը գործեն արդի արհեստագիտութեան մարզին մէջ։

Իր կարգին, փոխնախարար Յակոբ Արշակեան խօսած է Հայաստանի մէջ նոր ձեռնարկութիւններու զօրակցելու նպատակով ազգային հիմնադրամ մը գոյացնելու ջանքին մասին, որուն մէջ ներդրում կրնայ ընել նաեւ Սփիւռքը։ Ան աւելցուցած է, որ փորձառութեանց փոխանակման ծրագիրները եւս կրնան նպաստաւոր ըլլալ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Քալիֆորնիոյ Սիլիքոն հովիտին մէջ հաստատուող արդի արհեստագիտութեան մարզի նոր նախաձեռնութիւններուն։

Ընթացքին քննուած են յատկապէս գործարարութեան եւ արհեստագիտութեան ոլորտներէն՝ Սփիւռքէն ժամանած դասախօսներու կողմէ Հայաստանի մէջ յատուկ դասաւանդումներ կազմակերպելու կարելիութիւնները։

Ապա, ամերիկեան «Փոսթմէյթս» ընկերութեան համաշխարհային ծրագիրներու գծով փոխնախագահ Վիքրամ Այիր ներկայացուցած է կառավարութեան պաշտօնատարներուն յատուկ արդի արհեստագիտութեան դասընթացքներու կամ վարժողական ծրագիրներու կազմակերպման առաջարկը։

Իր կարգին, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Աթըմ Պըրք արտայայտուած է Լոս Անճելըսի եւ Երեւանի միջեւ ուղիղ թռիչքներ հաստատելու ծրագրին կարեւորութեան մասին՝ խոստանալով աջակցիլ այդ նախաձեռնութեան իրականացման։ Փոխնախարարը եւս խոստացած է այս հարցը հետապնդել Հայաստանի Ազգային օդանաւային ընկերակցութեան ղեկավարին հետ։

Իսկ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Հենրի Սթըրն շեշտը դրած է Հայաստանի տուրքերու համակարգը բարելաւելու կարեւորութեան վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի մեծ թիւով օտար ներդրումներ ներգրաւել, մինչ փոխնախարարը հաստատած է, թէ Երեւանը տուրքերու համակարգը արդէն իսկ յատկանշականօրէն բարեկարգելու ընթացքի մէջ է։

Ընդհանուր առմամբ, շեշտ դր-ուած է Հայաստանի եւ Քալիֆորնիոյ միջեւ համագործակցութեան սերտացման կարեւորութան վրայ, յատկապէս՝ նկատի ունենալով հայահոծ Կլենտէյլ քաղաքի ներուժը։