Յունաստանի Մէջ «Birthright Armenia»-ի Կրթական Ծրագիրներուն Համար Հանդիպումներ Տեղի Պիտի Ունենան

Հայաստան, Սփիւռք

«Birthright Armenia» կազմակերպութեան տնօրէն՝ պրն. Սեւան Գապաքեան, Յունաստանի մէջերեք հանդիպումներու ընթացքին պիտի ներկայացնէ երիտասարդներուն ուղղուած կազմակերպութեան կրթական ծրագիրները:

Հանդիպումները ուղղուած են այն երիտասարդներուն, որոնք կը փափաքին այցելել Հայաստան եւ մասնակցիլ ծրագիրներուն՝ երկու շաբաթէն մինչեւ երեք ամիս, ունենալով լրիւ նիւթական օժանդակութիւն:

Հանդիպումները տեղի պիտի ունենան՝

— Ուրբաթ՝ 21 Սեպտեմբեր 2018, երեկոյեան ժամը 8ին, «Coral» հիւրանոցին մէջ,
— Փոսիտոնոս պողոտայ 35, Փալէօ Ֆալիրօ:

— Շաբաթ՝ 22 Սեպտեմբեր 2018, երեկոյեան ժամը 8-ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» Կեդրոնին մէջ, (Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան հետ գործակցաբար):

— Կիրակի՝ 23 Սեպտեմբեր 2018, երեկոյեան ժամը 7ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ «Հայաստան» սրահին մէջ, (Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան հետ գործակցաբար):

Հանդիպումներուն վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար՝ դիմել պրն. Միհրան Սարգիսեանին, հեռ. 695 5555689: