Մխիթարեան Միաբանութեան Ս. Ղազար Հաստատուելուն 300-ամեակի Հանդիսութիւններու Փակում

Սփիւռք

Մխիթարեան միաբանութեան Ս. Ղազար կղզի մուտք գործելուն 300-ամեակի յոբելենական տարին, որուն ընթացքին տեղի ունեցան ծիսական եւ մշակութային տարբեր հանդիսութիւններ, իր աւարտին հասաւ Շաբաթ, 8 եւ Կիրակի, 9 Սեպտեմբեր 2018-ի տօնախմբութեամբ:

8 Սեպտեմբերին՝ Աստուածածինի ծննդեան տօնին օրը, յիշատակումն է թէ՛ Մխիթարեան միաբանութեան հիմնարկութեան, թէ՛ Աստուածամօր ընծայման եւ թէ Մխիթար աբբահօր եւ իր վանականներու Ս. Ղազար կղզի մուտք գործելուն:

Շաբաթ, 8 Սեպտեմբերին, Ս. Ղազար եկեղեցւոյ մէջ Տիրամօր Ծննդեան տօնին առիթով Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցանեց Համազասպ վրդ. Քէշիշեան նախագահութեամբ՝ Պոլսոյ թեմի առաջնորդ եւ Մխիթարեան միաբանութեան պապական պատուիրակ Լեւոն արք. Զէքիեանի, որ յաւուր պատշաճի իր քարոզին մէջ արժանապէս յիշեց Մխիթարի հոգեւոր եւ մշակութային առաքելութիւնը եւ նպաստը ըլլա՛յ հայ ժողովուրդին եւ թէ համայն մարդկութեան, ինչպէս նաեւ իր հաստատած խոր ու բեղուն կապը Վենետիկ քաղաքին հետ:

Յետմիջօրէին, տեղի ունեցաւ Յակոբ Փափազեանի «Գիրք Հայրենիք» ֆիլմաշարքի «Մխիթար Սեբաստացի» վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը, որ արժանացաւ ներկաներուն մեծ գնահատանքին:

Երեկոյեան գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը «Հացին երգը. Կոմիտաս եւ Վարուժան. Երաժշտութիւն, բանաստեղծութիւն եւ հոգեկանութիւն»՝ La paix (խաղաղութիւն) համոյթի կատարողութեամբ (Արամ Իփեքճեան, Սիլվիա Տէ Ռօսսօ, Ֆլավիօ Սփոթթի եւ ասմունքող՝ Կապրիէլէ Փարիլլօ):

Կիրակի, 9 Սեպտեմբերին, Վենետիկի պատրիարք գերապայծառ Ֆրանչեսքօ Մորալիա Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցանեց: Իր քարոզին մէջ պատրիարքը  շեշտեց հայ եկեղեցւոյ հոգեկանութեան իւրայատկութիւնը, ինչպէս նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի մէջ ներկայութեան կարեւորութիւնը՝ իբրեւ կենդանի վկայութիւն Վենետիկ քաղաքի արեւելքի եւ արեւմուտքի մշակութային զօդի ամրապնդման: