Ես Ասում Եմ՝ «Դադարեցնում Ենք Սա»… Վարչապետ Փաշինեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Կարօ Արմենեան

Կարդա՛լ «Այսօր»ի (aysor.am) կայքէջէն վարչապետ Փաշինեանի եւ յայտնի գործարար եւ Հայաստանի տնտեսութեան ոլորտի հանրահռչակ նորարար՝ Ռուբէն Վարդանեանի երկխօսութիւնը վարչապետին հետ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հայ համայնքի հանդիպման ընթացքին: Ըստ լոյս տեսած թղթակցութեան, պարոնայք վարչապետին եւ Ռուբէն Վարդանեանի փոխանակութիւնը բաւական խիստ եւ ձգտուած մթնոլորտի մը գոյութիւնը կը մատնէ: Բնական պայմաններու մէջ, այս կարգի խօսակցութիւնները այսպիսի հեղինակութիւններու միջեւ տեղի կ՛ունենան ներքին կարգով, որ անշուշտ կ՛ենթադրէ հաղորդակցութեանց շատ աւելի զարգացած գործընթաց մը քան այն որ կը թուի գոյութիւն ունենալ պր. վարչապետի անձնակազմին եւ պր. Վարդանեանի պէս հայրենիքի զարգացման նախանձախնդիր մեծ գործիչի մը միջեւ:

Այն հարցադրումները, զորս Ռուբէն Վարդանեան կ՛ընէ, լիովին կ՛արտայայտեն իրականութիւնը եւ պէտք ունին լիարժէք լուսաբանութեան: Այն առարկութիւնը, զոր պր. վարչապետը կ՛ընէ, նոյնպէս կը բխի իրականութեան տուեալներէն: Սխալը այն է, որ այս խօսակցութիւնը տեղի կ՛ունենայ սխալ բեմի մը վրայ եւ մեզ կը դնէ այս աննախանձելի կացութեան առջեւ: Յայտնօրէն այս բոլորի ետին գոյութիւն ունի հաղորդակցական համակարգի շատ ցաւալի թերացում մը: Պարզապէս ընդունելի չէ, որ մոսկովեան իշխանութիւններու աչքին առջեւ, ՀՀ իշխանութեան առաջին դէմքը վիճաբանութեան դիմէ իր հայրենակիցներուն հետ պաշտպանողական դիրքերէ: Ո՞րն է Հայաստանի ամէնէն եկամտաբեր ձեռնարկութիւնը… պր. Վարդանեանի այս դիպուկ հարցումը պատասխան չունի, որքան ատեն, որ մենաշնորհային համակարգը — կառավարութեան ազդու քաղաքականութեամբ — չէ բերուած մրցակցային դաշտէն ներս կամ (ընդդիմանալու պարագային) չէ լուծարուած, որպէս վնասարար ուժ: Իմ հարցումն է պր. վարչապետին՝ ե՞րբ պիտի շարժի պետութեան այդ կառուցողական մեքենան ուշիմ, վճռական եւ գրագէտ միջամտութիւններով: