Բժիշկներ Աւետիս Եւ Արա Դաւիթեաններ 250,000 Տոլարի Կազմածներ Կը Նուիրեն Armenia Fund USA-ի Ստեփանակերտի Բժշկական Առաքելութեան

Հայաստան, Սփիւռք

Chevy Chase Surgery Center-ը նորագոյն սարքաւորումներ նուիրած է Ստեփանակերտի Հանրապետական Բժշկական Կեդրոնին՝ յօգուտ Armenia Fund USA-ի կողմէ Հայաստանի ու Արցախի մէջ կատարուելիք 2018-ի բժշկական առաքելութեան: Առաքելութեան Ստեփանակերտի հատուածը, որ տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 27-էն Հոկտեմբեր 5-ի ընթացքին, կազմակերպուած է եւ միասնաբար պիտի իրագործուի Armenia Fund USA-ի, Chevy Chase Surgery Center-ի, եւ «Էտվենթիսթ Հելթ»-ի կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։

«2013ին Armenia Fund-ի կողմէ կառուցուած՝ Ստեփանակերտի Հանրապետական բժշկական կեդրոնը հոյակապ հիւանդանոց մըն է, իր արդիական շէնքով ու յարմարութիւններով, բայց ակնաբուժական եւ ստամոքսա-աղիքաբանական բաժանմունքները տակաւին ցածորակ եւ ժամանակավրէպ սարքեր կը գործածեն, իրողութիւն մը, որ կրնայ թերի դարմանումներու եւ բարդութիւններու առաջնորդել», յայտնեց Armenia Fund-ի նախագահ Մարիա Մեհրանեան: «Խորապէս երախտապարտ ենք Բժիշկներ Աւետիս եւ Արա Դաւիթեաններուն, որովհետեւ անոնց առատաձեռն նուիրատուութեան շնորհիւ, հիւանդանոցի յիշեալ բաժանմունքները 21րդ դար պիտի անցնին»:

Դաւիթեաններուն՝ աւելի քան $250,000 արժող նուէրը կը բաղկանայ Alcon Infiniti System ակնաբուժական նորագոյն համակարգէն եւ ստամոքսա-աղիքաբանական ամբողջական սարքաւորումներէ, որոնք կը ներառնեն ճափոնական Pentax մակնիշի հինգ դիտակներ (scopes)՝ աղիքային եւ ստամոքսային քննութիւններու համար: Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի տարածքին ակնաբուժական վիրահատութեան ոսկեայ չափանիշը նկատուող Alcon Infiniti System-ին շնորհիւ, Ստեփանակերտի Հիւանդանոցը ճկունութիւնը պիտի ունենայ քաթարաքթի (ակնաքօղի) երեք տարբեր գործողութիւններ կատարելու, իսկ Pentax դիտակները Արցախի բժիշկներուն թոյլ պիտի տան մեծ դիւրութեամբ ստամոքսի ու աղիքի քննութիւններ կատարել, ուռեցքներ վերացնել, եւ այլ դարմանումներ կիրառել: Chevy Chase Surgery Center-ի կամաւոր բժիշկները նաեւ արհեստագիտական համապարփակ մարզումներ պիտի տրամադրեն Արցախի իրենց գործակիցներուն:

0915chevychase

Chevy Chase Surgery Center-ի կամաւոր բժիշկներն են՝ Էդգար Մեդիխանի (ստամոքսա-աղիքաբան), Արմինէ Սարգիսեան (ստամոքսա-աղիքաբան), Միրէյ Համբարեան (ակնաբոյժ), Արմէն Գրիգորեան (հաստ աղիքի եւ սրբանի վիրաբոյժ), եւ Անդրէ Եարեան (թմրաբան):

«Ստեփանակերտի Հանրապետական Բժշկական Կեդրոնը այցելեցի այս տարուան Մայիսին», յայտնեց Chevy Chase Surgery Center-ի վարիչ Ռաֆֆի Սարգիսեան՝ աւելցնելով. «Ակնաբուժական եւ ստամոքսա-աղիքաբանական բաժանմունքները տեսնելէս եւ հիւանդանոցի ղեկավարութեան հետ տեսակցելէս ետք, ինծի համար յստակ էր, որ արմատական բարելաւման կարիքը կար: Մեր նուիրատուութիւնը հիւանդանոցը պիտի օժտէ բոլոր անհրաժեշտ կազմածներով ու գործիքներով, որպէսզի բժիշկներն ու բժշկական կազմը կարենան կիրարկել նորագոյն քննութիւններն ու դարմանումները՝ արեւմտեան բարձրագոյն չափանիշներով: Շնորհակալ եմ Armenia Fund USA-ին, իր հիանալի աշխատանքին՝ մեր նուիրած սարքաւորումներն ու պիտոյքները արագ կերպով Արցախ փոխադրելուն, Ստեփանակերտի Հանրապետական բժշկական կեդրոնին հետ մեր կապը հանդիսանալուն, եւ մեր ծրագիրի յաջողութեան գծով հիւանդանոցի բովանդակ նեցուկը ապահովելուն համար»:

Armenia Fund USA-ը Նոյեմբերեանի հիւանդանոցին մէջ բժշկական առաքելութիւններ կատարած է 2015-էն ի վեր, «Էտվենթիսթ Հելթ»-ի հետ յատուկ գործակցութեամբ: Անցեալ երեք առաքելութիւններուն ընդմէջէն, սահմանամերձ համայնքներէ շուրջ 5750 անհատներու բժշկական բաձրորակ խնամք յատկացուած է,  ընդգրկելով հետեւեալ մասնագիտական մարզերը՝ ներքին բժշկութիւն, սրտաբանութիւն, թոքաբանութիւն, կնաբանութիւն, ջղաբանութիւն, ոսկրաբանութիւն, եւ մանկաբուժութիւն: Մատուցուած ծառայութիւնները ներառած են 235 վիրաբուժութիւններ՝ լեղապարկային, ճողուածքային (hernia), ոսկրաբանական, եւ դիմածնօտային գործողութիւններէն մինչեւ զանազան ուռեցքներու վերացումներ: Նաեւ, աւելի քան 15 թոն քանակութեամբ բժշկական սարքաւորումներ, դեղեր, եւ պիտոյքներ տրամադրուած են Նոյեմբերեանի հիւանդանոցին:

2018-ի բժշկական առաքելութիւ-նը մեծապէս պիտի ընդլայնուի՝ ծրագիրին մէջ ընդգրկելով նաեւ Ստեփանակերտի Հանրապետական բժշկական կեդրոնը: «Էտվենթիսթ Հելթ»ի Հարաւային Քալիֆորնիոյ Շրջանէն եւ Chevy Chase Surgery Center-էն աւելի քան 60 բժիշկներէ, հիւանդապահներէ, եւ այլ արհեստավարժներէ բաղկացած կամաւոր կազմը բժշկական բազմապիսի ծառայութիւններ պիտի տրամադրէ՝ ներառեալ տարրական եւ մասնագիտական խնամք, ստամոքսա-աղիքաբանական գործողութիւններ, եւ քաթարաքթի վիրաբուժութիւններ հազարաւոր հի-ւանդներու: Նոյնքան յատկանշականօրէն, առաքելութիւնը մեծապէս պիտի բարձրացնէ Ստեփանակերտի Հանրապետական բժշկական կեդրոնի մասնագիտական կարողութիւններու մակարդակը՝ մարզումներու եւ արհեստագիտական օժանդակութեան միջոցով:

Նոյեմբերեանի հիւանդանոցը բոլորովին վերակառուցուած ու արդիականացուած է 2011-ին՝ Armenia Fund USA-ի զուիցերիական եւ գերմանական գործընկեր կազմակերպութիւններու նեցուկով: Ստեփանակերտի Հանրապետական բժշկական կեդրոնը կառուցուած է Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին կողմէ՝ 2013-ին, ռուսիաբնակ բարերար Սամուէլ Կարապետյանի առատաձեռն նուիրատուութեամբ: Հիւանդանոցը յարակից է Ստեփանակերտի Արմինէ Փակումեանի անուան Քաղաքային Պոլիկլինիկային (համաբուժարանին), որ Armenia Fund USA-ի կողմէ կառուցուած է 2006-ին, ինչպէս նաեւ Ստեփանակերտի Ուռուցքաբանական կեդրոնին, որ Fonds Armenien de France-ի կողմէ կառուցուած է 2007-ին: