Երկու Զմայլելի Դէմքեր՝ Դուրեան եւ Գուշակեան (Ա)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Լեւոն Շառոյեան

Յաւերժական Երուսաղէմ – 3

Երբ հայ Երուսաղէմի անունը կու տամ, անպայման իմ մտածումներուն մէջ կը յայտնուին երկու զմայլելի դէմքեր, իրերայաջորդ երկու պատրիարքներ, որոնք իսկապէս փառաւորեցին իրենց բազմած աթոռը ու դարձան անոր անմոռանալի խորհրդանիշերը.-

Եղիշէ Արք. Դուրեան (1860-1930) եւ Թորգոմ Արք. Գուշակեան (1874-1939)։

Հայ Երուսաղէմի 1921-էն մինչեւ 1939 երկարող երկու տասնամեակները իրե՛նց են, այս երկու դէմքերուն։

Մին Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասի ծնունդ էր, իսկ միւսը՝ հայաբնակ Պարտիզակի ծոցէն հասած արժէք մը, որոնք ճակատագրականօրէն դէմ-դիմաց ելան Արմաշի դպրեվանքին մէջ ու անոր երդիքին տակ ագուցուեցան իրարու։ Դուրեան ուսուցիչն եղաւ պատանի Գուշակեանին։ Իսկ բանիմաց ու պիտանի աշակերտն ալ շատ բան ծծեց իր ուսուցչին անսահման հմտութենէն ու դաւանած բարոյական արժէքներէն. կարծէք անզգալաբար հետեւեցաւ անոր խորհրդաւոր ոտնահետքերուն։ Պահ մը, գրաւեց իր ուսուցչին տեսչական ամպիոնը Արմաշի մէջ։ Գիրի ու բեմական պերճ խօսքի վարպետ մը դարձաւ անոր նման։ Ի վերջոյ, երջանի՜կ օր մը, յաջորդեց անոր՝ Երուսաղէմի աթոռին վրայ, լիովին ծաղկեցնելով այն բոլոր ձեռնարկները, որոնք սկիզբ առեր էին իր հոգեւոր մեծանուն ծնողին կողմէ։

Եղիշէ Պատրիարք Դուրեան սիրելի դէմք մըն է մեր եկեղեցական պատմութեան ու գրականութեան մէջ հաւասարապէս։ Վաղամեռիկ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի կրտսեր եղբայրն էր ան, որ թաղային պարզ ուսում մը ստացաւ լոկ, սակայն ինքնաշխատութեամբ ու տքնութեան մեծ ճիգով կրցաւ ամբարել քանի մը համալսարաններէ վկայեալ բախտաւորներու գիտելիքներէն շա՛տ աւելին։

19 տարեկանին աբեղայ ձեռնադրուեցաւ Իզմիրլեան սրբազանի ձեռամբ։

Սքանչելի ու հմայիչ ուսուցիչ մը դարձաւ ան՝ նախ Պարտիզակի մէջ (լման տասը տարի, 1880-1889), այնուհետեւ՝ նորաբաց Արմաշի դպրեվանքը, Պոլսէն քիչ մը անդին, Օրմանեան Մաղաքիա սրբազանին հետ կողք-կողքի։

Ամբո՜ղջ սերունդ մը ներշնչուեցաւ ու խանդավառուեցաւ իրմով։

Դուրեան Արմաշի մէջ մնաց 1890-էն մինչեւ 1904, գրեթէ տասնհինգ տարի։ Եւ եկեղեցականներու զարգացեալ այն հոյլը, որ իր շունչին տակ ու ափերուն մէջ շաղուեցաւ, վերջին քանի մը դարերու մեր պատմութեան մէջ մնաց եզակի։ Բաբգէն Կիւլէսէրեան, Թորգոմ Գուշակեան, Գարեգին Տրապիզոնի (Խաչատուրեան), Զաւէն Տէր Եղիայեան, Մեսրոպ Նարոյեան, Փառէն Մելքոնեան, Գրիգորիս Պալաքեան, ինչպէս նաեւ 1915-ին նահատակեալ շարք մը խոստումնալից վարդապետներ կ’իյնան այս հոյլին մէջ։ Արմաշ, ամբողջ քառորդ դար, մինչեւ Մեծ Եղեռն, հանդիսացաւ արեւմտահայ տոհմաշունչ ու հոգեւոր դաստիարակութեան ամէնէն մաքուր ու ճարճատուն վառարաններէն մին։

Դուրեան, դեռ իր վարդապետական օրերէն, շատ կը կարդար, շատ գիտելիք ունէր։ Տարիներ յետոյ, ոմանք մեղադրեցին զինք իբրեւ… «քանքարաթաքոյց», այսինքն՝ իր տաղանդը թաքցնող, պահող, զայն հանրութեան ի սպաս դնելէ խուսափող։ Իբրեւ թէ Դուրեան սրբազան ժլատ եղած էր իր գիտական հարուստ պաշարը հանրութեան ինչքը դարձնելու։

Անարդա՜ր արժեւորում։

Լոկ Պարտիզակի մէջ պաշտօնավարած իր տասնամեայ շրջանին, երբ տարիքով ալ շատ երիտասարդ էր, ան պատրաստած ու հրատարակած էր չորս հատորներ, առանց հաշուելու պարբերական մամուլի էջերուն ցրուած իր գրութիւնները։ Ճիշդ է թէեւ, որ աւելի ուշ յարաբերաբար քիչ արտադրեց, նուիրուած ըլլալով բացառաբար կրթական եւ ուսուցողական մարզին։

Ինք, արդէն, իբրեւ պատասխան զինք ամբաստանողներուն, մատնացոյց կ’ընէր իր աշակերտները ու կ’ըսէր.«Ասո՛նք են իմ հեղինակութիւններս»…։

Դուրեան եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ստացաւ Խրիմեան Հայրիկէն, 1898-ին։ 1904-1908 կոչուեցաւ Իզմիրի առաջնորդութեան, իսկ 1909-ին Պոլսոյ պատրիարք ընտրուեցաւ, թէեւ այդ պաշտօնէն հրաժարեցաւ նուազ քան երկու տարի ետք, բաւարարուելով թաղային քարոզիչի եւ ուսուցիչի համեստ պաշտօններով՝ Կեդրոնականի, Էսայեանի, Պէրպէրեանի, Հինդլեանի, Պէզազեանի ու այլ վարժարաններու  մէջ։ Կը վազէր դպրոցէ-դպրոց՝ գիրքերու ծրար մը անութին տակ ու քաղցր ժպիտ մը դէմքին։ Ուր որ պաշտօնի կոչուեցաւ՝ հոն մտաւորական ու հոգեւոր զարթնում մը յառաջացուց։

Եղեռնէն փրկուեցաւ։ Չաքսորուեցաւ, ի զարմանս շատերու։

Ինծի համար անմոռանալի կը մնայ իր մէկ արտայայտութիւնը, տարեցոյցներու անկրկնելի հրատարակիչ Թէոդիկի կողմէ պատմուած։

Արդարեւ, Թէոդիկ կը պատմէ որ երբ Տաւրոսեան լեռներու վրայ երեք տարուան աքսորէ ետք՝ 1918-ի Զինադադարին Պոլիս վերադարձաւ, առաջին հերթին վազեց դէպի Գումգաբուի Ազգ. Պատրիարքարանը։ Հոն, մուտքի աստիճաններուն վրայ դէմ-յանդիման եկաւ Դուրեան սրբազանին։ Դուրեան զայն տեսած պահուն հառաչեց.

– Եկո՛ւր պագնեմ ճակտէդ, մեռած Ազգիս ո՜ղջ զաւակը…։

Իսկ Թէոդիկ շատ սրտառուչ պատասխան մը տուաւ անուանի հոգեւորականին.

– Ներէ՛, սրբազան, որ պահ մը ընդվզի աքսորադարձ հայու սիրտս այդ գգուական խօսքիդ ի լուր՝ որ աչքերս խոնաւցուց։ Ազգը չէ՛ մեռած եւ անհնար է որ մեռնի…։

Դուրեան ինք ալ համոզուած էր, որ Ազգը չէր մեռած։ Եւ արդէն, մեր Մեծ Աղէտէն քանի մը տարի անց, 1921-ին, երբ Ազգը կը յանձնէր իրեն Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց աթոռին պատրիարքական ասան, Դուրեան կը յայտարարէր որ «անարիւն եւ սուրբ վրէժխնդրութիւն» մը վիճակուած էր իրեն՝ իր այս նոր պաշտօնին մէջ.- տապարի հարուած ստացած ազգը պէտք էր ոտքի հանել, վերականգնել անոր բարոյական ու մարդկային ուժերը, նո՛ր նուաճումներով նո՛ր կեանք բանալ անոր առջեւ։ Ըստ իրեն, հայ Երուսաղէմը լաւագոյնս ծառայած կ’ըլլար ազգին ու եկեղեցիին, եթէ կարենար կրթական բեղուն կեանք ու իմացական որոշ բարձրութեամբ մակարդակ մը ստեղծել։ Այլ խօսքով՝ նոր Արմաշ մը գոյաւորել հայոց վանքին պարիսպներէն ներս։

Դուրեան մշակուած գրագէտ մըն էր նաեւ, գեղապաշտ բանաստեղծ մը։ Իր «Հովուական Սրինգ»ը  (1909) ու աւելի ուշ հրատարակեալ «Սրբազան Քնար»ը (իր բոլոր բանաստեղծութիւններուն հաւաքումը, ինքնագիր ու թարգմանածոյ, 1936) կրօնական նուրբ ու իմացապաշտ խոկումներու հորիզոն մը կը բանան մեր առջեւ, թելադրիչ զօրութեամբ ու անդրադարձումներու մղող ներուժով մը։

Իր կարգ մը քերթուածները դասագիրքերու մէջ անցան իր ողջութեան իսկ։ Զորօրինակ «Անառակը» կամ «Օշական»ը, որոնք ասեղնագործուած ոսկեթել ժանեակներու պէս հիւսուած են՝ շքեղօրէն ու նկարչագեղ ճարտարութեամբ։ Անոնք շատ սիրուած կը մնան առ այսօր, կրնան արտասանուիլ բեմերէ, թէեւ հեղինակին հայերէն լեզուի արտասովոր բառամթերքն ու Ս. Գիրքէն քաղած յատուկ անուններու ծանր տողանցքը կրնայ դժուարութիւններ յարուցել շատ-շատերու համար։ Ճի՛շդ է Մուշեղ Իշխանի դատումը.«Դուրեանը ըմբոշխնելու համար պէտք է ունենալ կրօնական եւ գրական որոշ պատրաստութիւն։ Հասուն տարիքի եւ աստուածաշնչական պատմումներու տեղեակ մարդոց քերթողն է ան» («Արդի Հայ Գրականութիւն», Գ. հատոր, Պէյրութ, 1975)։

Բանասիրական, քննադատական ու լեզուաբանական իր գործերն ալ կը կազմեն առանձին դէզ մը։ Անոնց գրեթէ ամբողջութիւնը լոյս ընծայուած է Երուսաղէմ, բազմահատոր շարքով մը։ Այդ գիրքերուն վերնագրերը կրնան գաղափար մը տալ մեզի, թէ Դուրեան Եղիշէ Պատրիարք որքա՜ն լայնածիր ու բազմազան հետաքրքրութիւններ ունէր պատմական ու բանասիրական կալուածներէ ներս։ Թուենք քանի մը անուն.- «Ընթացք Ի Գրոց Բարբառ» (գրաբարի եռամաս դասագիրք), «Ազգային Պատմութիւն» մինչեւ Բագրատունեաց շրջան), «Պատմութիւն Հայ Մատենագրութեան» (մինչեւ ԺԴ. դար), «Բառագիտութիւն», «Հայոց Հին Կրօնը», «Կրօններու Պատմութիւն», «Համառօտ Պատմութիւն Փիլիսոփայութեան», «Բարոյագիտութիւն» եւ այլն, եւ այլն։ Ասոնցմէ ոմանք հրատարակուած են «ի պէտս վարժարանաց», այսինքն՝ իբրեւ դպրոցական դասագիրք։

Երբ կը պրպտեմ իր կենսագրութիւնը, ակնբախ կը դառնայ ինծի, թէ այս վեղարաւոր գիտնականը իր ամբողջ կեանքը ապրեր է գիրքերու մտերմութեան մէջ՝ իբրեւ յաւիտենական պրպտող մը կամ անձանձրոյթ վերծանող մը։

Կը պատմուի, որ Երուսաղէմի պատրիարքարանի իր երեք սենեակներուն  պատերը լեցնող բազմալեզու գիրքերուն տեղերը գոց գիտէր՝ առանց ցուցակի։ Անվարան իր մատը կը դնէր փնտռուած գիրքին վրայ եւ գրեթէ մէկ-երկու թերթատումով կը գտնէր ուզուած գլուխը կամ էջը…։ Համայնագիտական միտք մըն էր, բարձր մտաւորական մը, որուն կեանքին մեծագոյն հաճոյքը եղաւ մտքի հետեւողական աշխատանքը։

Կրցած էր կատարելագործել ինքզինք եւրոպական ու արեւելեան շարք մը լեզուներու մէջ (մինչեւ իսկ լատիներէն եւ ասորերէն) ու օտար դասական հեղինակները կը կարդար իրենց բնագրէն։

Անբասիր ու անխոցելի եկեղեցական մը մնաց ան՝ իր հոգեւոր գործունէութեան 50 տարուան ընթացքին։ Իր վախճանումէն տարի մը առաջ, 1929-ի Հոկտեմբերին, Երուսաղէմի մէջ եռօրեայ մեծավայելուչ ձեռնարկներով նշուեցաւ իր քահանայութեան կիսադարեայ յոբելեանը։

Շիջեցաւ 27 Ապրիլ 1930-ին։

Երկու ծաւալուն գիրքեր, երկուքն ալ իր լաւագոյն աշակերտներուն գրչով ի՛ր մասին գրուած, պսակ կը կապեն իր ճակտին վրայ։ Մին՝ Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեանի մենագրութիւնն է, միւսը՝ Գարեգին Խաչատուրեան Պատրիարքին «Դուրեան՝ Բ. Շնորհալի» փառաւոր հատորը։