Այնճարցի Երիտասարդ Արուեստագէտներու Ցուցահանդէս

Սփիւռք

Մուսա լերան հերոսամարտի 103-րդ տարեդարձի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 79-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրէն ներս, Սեպտեմբեր 13-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այնճարցի երիտասարդ արուեստագէտներու գեղանկարչական  ցուցահանդէսը` հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ նախագահութեամբ լիբանանահայ վաստակաւոր արուեստագէտ Ժաքլին Օհանեանի:

Ցուցահանդէսը կազմակերպած էր Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղը:

Ցուցահանդէսին կը մասնակցէին Այնճարի երիտասարդ արուեստագէտներէն Պետիկ Տուտագլեան, Կարպիս Քենտիրճեան եւ Հուրի Մարգարեան:

Գիւղի հոգեւոր պետերը, ցուցահանդէսի հովանաւոր արուեստագէտ Ժաքլին Օհանեան, քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը եւ արուեստագէտները կտրելով ժապաւէնը բացումը կատարեցին ցուցահանդէսին:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Լալիկ Խօշեան: Ան գնահատեց երիտասարդ արուեստագէտներուն գործերը, որոնց ընդմէջէն անոնք յաջողած են գեղեցկութեան ու ներդաշնակ գոյներու երանգաւորումով հրաշալի կերպարներու արտայայտութիւնը դրսեւորել ու հրամցնել մեզի: Ան աւելցուց, որ անոնց վրձինի հարուածները շատոնց ու քանիցս հոգիի եւ կեանքի ծիլեր անմահացուցած են կերպասեայ պաստառներու վրայ, որոնք ծնունդ առած են իրենց ներաշխարհէն ու ապրումներէն: Ան ընդգծեց նաեւ, որ այս ցուցահանդէսին յաւելեալ շունչի, կենսունակութեան եւ ուժի ներշնչարանը կը մնան անոր բացումն ու նախագահութիւնը ստանձնած արուեստագէտ Ժաքլին Օհանեանի անձի էութիւնն ու արժանիքը:

Խօշեան իր խօսքի աւարտին հրաւիրեց արուեստագէտ Ժաքլին Օհանեանը, որպէսզի ուղղէ իր սրտին խօսքը:

Արուեստագէտ Ժաքլին Օհանեան նախ եւ առաջ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց, որ իրեն պատիւ ընծայուած է բացումը կատարելու այս գեղանկարչական  ցուցահանդէսին: Իր խօսքը ուղղելով երիտասարդ արուեստագէտներուն` ան յայտնեց, որ արուեստը կ՛ազնուացնէ մարդու հոգին դէպի բարին, դէպի լաւատեսութիւն, դէպի Աստուծոյ նկատմամբ հաւատք: Անիկա իր մէջ կը պարփակէ ապրող իրողութիւններ, ունի կեանք ու հոգի եւ ժամանակի վկայութիւն: Շարունակելով ան աւելցուց. «Շատ ուրախ եմ, որ դո՛ւք, իբրեւ նոր սերունդ, կը շարունակէք մեր ուղին, արուեստի ջահը միշտ վառ պահելով եւ դարերէ եկող մեր հայկական աւանդութիւններն ու արժէքները աւելիով դրսեւորելով ձեր ճշմարիտ եւ յարատեւ աշխատանքով: Ապրի՛ք դուք, սիրելի՛ երիտասարդներ, կը մաղթեմ, որ բարձր օրինակ դառնաք գալիք սերունդներուն թէ՛ Լիբանանի, թէ՛ հայութեան` համաշխարհային մակարդակով»:

Ապա գիւղի հոգեւոր հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան եւ Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի ատենապետ Վազգէն Գալոշեան յատուկ յուշանուէրով եւ ծաղկեփունջով պատուեցին արուեստագիտուհին:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: