Ուսանելի Օրինակներ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Վահրամ Էմմիեան

Դեմոկրատական Ֆրանքլին Տ. Ռուզվելթ 1932-ին ընտրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ` ապահովելով քուէներուն 57 առ հարիւրը: 1933-ին անոր երդման արարողութեան ժամանակ աշխատաւորներուն մէկ չորրորդը անգործ էր եւ երկրին արտադրութիւնը 1929-ի Տնտեսական մեծ ճգնաժամին պատճառով նուազած էր կէսի:

Ռուզվելթ ուզեց կացութիւնը դարմանել`  առաջարկելով «Նիւ տիլ»ևը, սակայն 27 մայիս 1935-ին Գերագոյն դատարանը վճռեց, որ ատոր գլխաւոր կէտերէն մէկը` Ազգային ճարտարագիտութեան վերականգնման հրամանագիրը, զոր նախագահը ստորագրած էր 16 յունիս 1933-ին, հակասահմանադրական է եւ ընդգծեց.«Արտակարգ կացութիւններ կրնան արտակարգ դարմաններ պահանջել, սակայն…արտակարգ կացութիւնները սահմանադրական լիազօրութիւն չեն ստեղծեր կամ ընդլայներ»: Այլ խօսքով, կան կարմիր գիծեր, որոնք, առնուազն ժողովրդավարական պետութեան մը մէջ կարելի չէ անցնիլ:

Այս պատմական դրուագը ուսանելի դաս մը կը պարունակէ Հայաստանի Հանրապետութեան համար, որուն վարչապետը կ՛ուզէ ժողովուրդէն թալանուածն ու ապօրինաբար կուտակուած հարստութիւնը ժողովուրդին ու պետութեան վերադարձնել: Ան, Ռուզվելթի նման, ունի բարի կամեցողութիւն, սակայն առաջարկած «արտակարգ դարմանը»` Հին Յունաստանի պատմութենէն ներշնչուած անցումային դատարաններու ստեղծումը խիստ մտահոգիչ է ու վտանգաւոր, իրողութիւն մը, որ շեշտակի կերպով ընդգծուեցաւ վարչապետին` Երեւանի Դաւթաշէն շրջանին մէջ հանրահաւաքի ընթացքին կատարած յայտարարութիւններով: Այդ «արտակարգ դարմանը» վտանգաւոր ու մտահոգիչ է, որովհետեւ կ՛ականահարէ պետութեան սահմանադրական կառոյցները` ժողովրդավարական պետութեան այն արդիական տարազը, որ արդիւնքն է մարդկութեան հազարամեայ փորձառութեան ու յառաջդիմութեան:

1990-ական թուականներուն Փերուի մէջ նախագահ Ալպերթօ Ֆուճիմորի եւ Վենեզուելայի նախագահ Հիւկօ Չաւեզ գոյութիւն ունեցող պետական կառոյցներու գործակցութեան բացակայութեան պատճառով շրջանցեցին զանոնք եւ ուղղակի կերպով դիմեցին ժողովուրդին` գանգատելով, որ այդ կառոյցները արգելք կ՛ըլլան իրագործմանը իրենց բարի նպատակին: Անոնք ոստիկանութիւնը օգտագործեցին իրենց երկիրներուն խորհրդարանները փակելու եւ սահմանադրութիւնը բարեփոխելու համար: Երկու դէմքերն ալ վերածուեցան տխրահռչակ բռնատէրերու:

Պէտք է միշտ յիշել, որ դժոխքի ճամբան բարի ցանկութիւններով սալայատակուած է: Դժբախտաբար կարգ մը քայլեր պարզապէս կարելի չէ առնել, որքան ալ բարի ըլլայ անոնց նպատակը: