Թրքական Բանակը Կ՛ամրապնդէ Իր Ռազմական Ներկայութիւնը Իտլիպի Մէջ. Reuters

Աշխարհ

Թրքական բանակ կ՛ամրապնդէ իր ռազմական ներկայութիւնը Սուրիոյ հետ սահմանին, ինչպէս նաեւ կ՛ամրապնդէ իր դիրքերը Իտլիպի մէջ, որ կը վերահսկուի սուրիական ընդդիմութեան կողմէ:

Այս մասին յայտնած է Reuters գործակալութիւնը`  վկայակոչելով թրքական, ինչպէս նաեւ սուրիական ընդդիմութեան աղբիւրները, կը գրէ panorama.am-ն:

Աղբիւրները կը յայտնեն, որ թրքական զօրքերը Իտլիպի մէջ ամրացուծ են 12 դիտակէտերը: Միեւնոյն ժամանակ երեք այլ աղբիւրներ հաղորդած են, որ զօրքերը ուղարկուած են միայն երկիրներու սահմանին:

«Մենք այնտեղ ունինք ռազմական ներկայութիւն, եւ եթէ մեր վրայ յարձակին, մենք ատիկա կը դիտարկենք որպէս գրոհ Թուրքիոյ վրայ, համապատասխան ռազմական պատասխան կը տրուի»,-նշած է գործակալութեան աղբիւրը: