Անին 1001 Եկեղեցիներու Քաղաք է Ու Ատիկա Չափազանցութիւն Չէ․ Թրքական Թերթին Անդրադարձը (լուսանկարներ)

Աշխարհ, Էրկիր

Թրքական ամենաշատ տպաքանակ ունեցող ընդդիմադիր Sozcu պարբերականը անդրադարձած 10-11-րդ դարերու Հայոց մայրաքաղաքայ Անիին:

Թրքական պարբերականին հրապարակումը եզակի է, քանի որ վերջապէս Անին ներկայացուած է որպէս հայկական:

Նախաբանին մէջ կը նշուի, որ Հայոց Բագրատունիներու օրօք Անին տարածաշրջանային կարեւոր ուժային ու մշակութային կեդրոն էր:

«Անիիի բարգաւաճման գագաթնակէտը եղած է 11-րդ դարուն: Ան  նաեւ 1001 եկեղեցիներու քաղաք կ՛անուանեն ու ատիկա այնքան ալ չափազանցութիւն չէ, քանի որ արդէն յայտնաբերուած են աւելի քան 40 եկեղեցի, վանք ու մատուռ: Կ՛ենթադրուի, որ Անիի մէջ ապրած է մինչեւ 100 հազար բնակչութիւն:

Անիի գլխաւոր եկեղեցին` Մայր տաճարը կառուցուած է Հայոց Գագիկ թագաւորի օրօք, իսկ ճարտարապետը եղած է Տրդատը: Նոյն Տրդատն ալ վերականգնած է Պոլսոյ Սուրբ Սոֆիայի գմբէթը»,-նշուած է հրապարակման մէջ:

Թրքական պարբերականը նաեւ անդրադարձած է Անիի Տիգրան Հոնենցի, Ապուղամրենցի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուն:

NEWS.am-ը կը յիշեցնէ, որ Անիի մէջ որեւէ ցուցանակի վրայ չկայ «հայ» կամ «Հայաստան» բառերը: