Սուրիա Մեկնող Զինուորականները Մարդասիրական Ոլորտի Մասնագէտներ Պիտի Ըլլան. Դաւիթ Տօնոյեան

Հայաստան

ՀՀ զինուած ուժերու՝ Սուրիա մեկնող անձնակազմին մէջ մարդասիրական ոլորտի մասնագէտներ պիտի ըլլան: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Սեպտեմբեր 12-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան յարկին տակ լրագրողներուն յայտնած է նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:

«Զինուած ուժերու մարդասիրական ոլորտի մասնագէտներ են՝ բժիշկներ, մարդասիրական ականազերծողներ, իրենց գործունէութեան ապահովման համար նաեւ ներգրաւուած պիտի ըլլայ անվտանգութեան ապահովման անձնակազմ: Շուրջ 100 հոգի: Այդ մարդասիրական գործողութիւններուն մասնակցութիւնը կը բխի մեր ազգային շահերէն»,- ըսած է Տօնոյեան:

Նախարարի խօսքով՝ այս պահուն կ՝ընթանան նախապատրաստական աշխատանքներ: