Զոհրապ Մնացականեան Ժընեւի Մէջ Պիտի Մասնակցի ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Նիստին

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, Սեպտեմբեր 12-13, աշխատանքային այցով կը մեկնի Ժընեւ:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան տեղեկութիւններով՝ Սեպտեմբեր 13-ին, նախարարը բացման խօսքով հանդէս պիտի գայ Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 39-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս կայանալիք ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին ՄԱԿ-ի պայմանագիրի ընդունման 70-ամեակին նուիրուած բարձր մակարդակով յատուկ քննարկումին:

Նոյն օրը, ՀՀ ԱԳ նախարարը ելոյթով հանդէս պիտի գայ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 39-րդ նստաշրջանին։

Այցին ընթացքին, նախարարը հանդիպում պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու նորանշանակ գերագոյն յանձնակատար Միշէլ Պաչելեդի հետ։