Ֆրանսախօս Երկիրներու Միջազգային Կազմակերպութեան Գլխաւոր Քարտուղարը Պաշտօնական Այցով Հայաստան կը Ժամանէ

Աշխարհ, Հայաստան

Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միշէլ Ժան, Սեպտեմբեր 10-14, պաշտօնական այց մը պիտի տայ Հայաստան։ Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն:

Սեպտեմբեր 11-ին նախատեսուած է ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ գլխաւոր քարտուղար Միշէլ Ժանի հանդիպումը, որմէ ետք կողմերը հանդէս պիտի գան համատեղ մամուլի ասուլիսով։

Գլխաւոր քարտուղարը պիտի այցելէ նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: